Որոնել

Հնդկաստանի մէջ հաւատացեալներէ առնուած լուսանկար Հնդկաստանի մէջ հաւատացեալներէ առնուած լուսանկար 

Օրէնքի առաջարկ Հնդկաստանի մէջ՝ արգիլել խոստովանանքը

Հնդկաստանի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսական ժողովի նախագահ, յայտարարութեան մը մէջ ըսած է թէ «ցնցուած» է լսելով խոստովանանքը արգիլելու առաջարկի մասին։

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Հնդկաստանի մէջ առաջարկուած է նոր օրէնք մը, որ կը նախատեսէ արգիլել խոստովանանքը։ Այս առաջարկը ներկայացուցած է Հնդկաստանի Կանանց Ազգային Յանձնաժողովը, որ պետական խորհրդատու գործակալութիւն մըն է։ Առաջարկի պատճառ դարձած են կաթողիկէ եւ օրթոտոքս Եկեղեցիներու մէջ կատարուած արարքներ, ուր հոգեւորականներ մեղադրուած են սեռային ոտնձգութիւններու եւ չարաշահումներու համար, ինչպէս է պարագան 34ամեայ կնոջ մը, որ ճնշումի ենթարկուած էր հոգեւորականի մը կողմէ եւ կամ այն պարագան ուր եպիսկոպոս մը մեղադրուած էր բռնաբարութեան յանցանքով։

Կարդինալ Օսվալտ Կրասիաս, Պոմպէի եպիսկոպոս եւ Հնդկաստանի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսական ժողովի նախագահ, յայտարարութեան մը մէջ ըսած է թէ «ցնցուած» է լսելով խոստովանանքը արգիլելու առաջարկի մասին։

Խոստովանանքը արգիլել «ցոյց կու տայ խոստովանանքի խորհուրդին բնութեան, իմաստին, սրբազնութեան եւ կարեւորութեան հասկացողութեան բացակայութիւնը։ Կը նշանակէ թէ անոնք գիտակից չեն եկեղեցւոյ խիստ օրէնքներուն՝ որոնց նպատակն է կանխարգիլել որեւէ չարաշահում։ Այսպիսի արգելք մը պիտի ըլլար բռնաբարում կրօնական ազատութեան։»

Կարդինալ Կրասիաս աւելցուցած է, թէ «միլիոնաւոր մարդիկ ամբողջ աշխարհի տարածքին դարեր շարունակ վկայ եղած են խոստովանանքի խորհուրդին բարիքներուն, շնորհքին, ներումին եւ խաղաղութեան, որոնց փորձառութիւնը ունեցած են անոնք, ստանալով խոստովանանքի խորհուրդը։ Ապահով եմ թէ պետութիւնը ամբողջովին պիտի անտեսէ յանձնախումբի այս արտառոց պահանջքը։»

Կարդինալ Կրասիաս առաջարկած է, որ պետութիւնը աւելի կենդրոնանայ տնային բռնութեան խնդիրներու վրայ՝ պաշտպանելով ծեծի ենթարկուած կիները եւ անոնց զարգացումն ու իրաւունքները։ Ծիրանաւորը կը նշէ, թէ «Եկեղեցին կը փափաքի քաջալերել կիներու յառաջացումը ընկերութեան մէջ եւ պատրաստ է համագործակցելու Կանանց Ազգային Յանձնաժողովի հետ ինչպէս որ արդէն կʼաշխատակցի այլ գործակալութիւններու հետ։»

Հնդկաստանի զանազան կրօնական ղեկավարներ ձայնակցած են Կարդինալ Կրասիասի՝ քննադատելով խոստովանանքը արգիլելու առաջարկը։

Կարդինալ Պասելիոս Քլիմիս, Թրիվանտրամի Աւագ Արքեպիսկոպոս եւ ղեկավար Ասորի Մալանքար Կաթողիկէ ԵԿեղեցւոյ, ըսած է թէ արգելքը չափազանց ծաւալուն պատասխան մըն է ի տես քանի մը քրէական դէպքերու։ Ան նկատած է, թէ «չէ կարելի ընդհանրականացնել քանի մը պատահարներ։ Եթէ կատարուած է ոճիր մը, երկրին օրէնքը պէտք է զբաղի այդ հարցով։ Չէ կարելի այդպիսի դէպքեր առնելով՝ մեղադրել կրօնական կիրարկումներ։»

Հայր Վարկեզէ Վալլիքքաթ, Քերալայի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսական ժողովի բանբեր, ըսած է թէ խոստովանանքը արգիլել «յարձակում է քրիստոնէական հաւատքի եւ հոգեւոր կենցաղի վրայ։ Այդ առաջարկը անհիմն է եւ կը բռնաբարէ քրիստոնեայ հասարակութեան պատիւը եւ արժանահաւատութիւնը։»

Փոքրամասնութիւններու Ազգային Յանձնաժողովի փոխ ատենապետ Ճորճ Քուրեան, քննադատած է առաջարկը, զայն անուանելով հակասահմանադրական եւ ըսած է թէ այդ կը գրգռէ պառակտում եւ անհասկացողութիւն՝ փոքրամասնութիւններու միջեւ։

Հնդկաստանի պետութիւնը պաշտօնապէս աշխարհային է, մինչ երկրի բնակչութեան 80 տոկոսը հինտուներ են։ Քրիստոնեաները կը կազմեն բնակչութեան միայն 2,3 տոկոսը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2018, 15:17