Որոնել

Ճենովայի «Մորանտի» կամուրջը Ճենովայի «Մորանտի» կամուրջը 

Իտալիոյ Եկեղեցին կ՛աղօթէ Ճենովայի կամուրջի փլուզման պատճառած զոհերուն համար։

«Ճենովայի Եկեղեցին կ՛ողբայ եւ կ՛աղօթէ բոլոր անոնց որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

14 Օգոստոս 2018-ի կէսօրին, Հիւսիսային Իտալիոյ Ճենովա քաղաքի «Մորանտի» կեդրոնական կամուրջի մէկ մասը անակնկալ կերպով փլուզուեցաւ պատճառելով 30  աւելի մեռեալներ ու բազմաթիւ վիրաւորներ, մինչ շտապ օգնութեան ու բրկարարական ջոկատները կը շարունակեն աւերներուն մէջ փնտռել անյայտ ճակատագրով անձերը։

«Ճենովայի Եկեղեցին կ՛ողբայ եւ կ՛աղօթէ բոլոր անոնց որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին» ըսաւ Ճենովայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պանիասքօ յայտնելով թէ 15 օգոստոսին Տիրամօր վերափոխման տօնին առիթով Ճենովայի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ  յատուկ աղօթքներ պիտի կատարուին զոհերուն եւ վիրաւորներուն համար։ Ան ապա մաղթեց որ քաղաքը քաջութիւնն ու ուժը ունենայ աղէտէն ետք յուսալու եւ վերականգնելու։

Միւս կողմէ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթին յանուն բոլոր իտալացի հաւատացեալներուն մարդկային ու քրիստոնէական զօրակցութիւն ու մօտիկութիւն արտայայտեց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2018, 08:55