Որոնել

Siccita, catastrofe, fame Siccita, catastrofe, fame 

Կլիմայական փոփոխութեան հետեւանքները Ափրիկէի մէջ

Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ վտանգուած են մարդկային կեանքեր ջերմաստիճանի բարձրացման պատճառաւ

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Մինչ ջերմաստիճանի բարձրացումը Եւրոպայի շատ մը տարածքներուն մէջ կը պատճառէ հունցքի նուազում, անասուներու կերի հայթայթման նեղ վիճակ եւ սննդեղէններու սղութիւն, Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ նոյնիսկ վտանգուած են մարդկային կեանքեր։ Սենեկալի շատ մը գիւղեր չունին ըմպելի ջուր, հունցքը կը բացակայի եւ անասուններ կը մահանան։ Կլիմայական տագնապալի վիճակը տակաւին կը շարունակուի։
Սենեկալի մէջ, սովորաբար ամառը մինչեւ սեպտեմբեր ամիս անձրեւային շրջանն է, ըսած է Սենեկալի Թամպաքուոնտա թեմի Քարիթասի տնօրէն Պերթին Սակնա։ Կլիմայի փոփոխութեան պատճառով երբեմն կը պակսին անձրեւները իսկ երբեմն ալ տեղի կʼունենան հեղեներ՝ աւերիչ հետեւանքներով։ Նաեւ ստորերկրեայ ջուրերը կը նուազին եւ ջրհորները կը ցամքին։ Սահելի շրջանին մէջ ժողովուրդի 60 տոկոսին գոյութիւնը կախեալ է գիւղատնտեսութենէն։ Եթէ այնտեղ վիճակը սրի, այդ ժողուվրդը պիտի դիմէ դէպի քաղաքներ եւ կամ ձեռք առնէ պանդխտութեան ցուպը։ Միայն անձրեւային ժամանակամիջոցին բաւարար սնունդ կայ։ Սենեկալի մէջ ժողովուրդը արդէն սովոր է անօթութեան, ասոր համար անձրեւային ժամանակամիջոցներէն դուրս անոնք օրը միայն մէկ ժումով կը գոհանան։ Երբեմն այդ ցամաք ժամանակամիջոցները կʼերկարին։ Յատկապէս ծերեր, տկար անձեր եւ մանուկներ կը տառապին անօթութենէ։ Շատ մը ընտանիքներ կը վաճառեն իրենց անասունները եւ կամ այլ ստացուածքներ՝ որպէսզի կարենան սնունդ հայթայթել։ Նաեւ դպրոցներու գործունէութիւնը կը կասեցուի, որուն հետեւանքով կը տուժէ երիտասարդ սերունդի զարգացումը։
Ապա Պերթին Սակնա կը ներկայացնէ զանազան գործունէութիւններ եւ յատկապէս Քարիթասի տարած աշխատանքները՝ գտնելու լուծումներ եւ կարենալ ամոքել ժողովուրդի տառապանքը։
Ըստ Սակնայի եւ Քարիթասի աշխատակից Քոնսթանս Մպայէի, հակառակ յիշեալ ճգնաժամային տուեալներուն Ափրիկեան ցմաքամասը շատ հարուստ է հումքերով եւ մարդուժով։ Անոնք կարողութիւնն ունին իրենք զիրենք հոգալու։ Քոնսթանս Մպայէ ըսած է, թէ «կարեւոր է սակայն, որ Եւրոպան այլեւս արգելք չհանդիսանայ, որ տեղւոյն վրայ զարգացումներ կատարուին։ Ներկայիս ափրիկեան երկիրներու հումքերը կը տարուին արտասահման։ Ափրիկեան պետութիւնները շատ անգամ խամաճիկներ են անդրազգային առեւտրական ընկերութիւններու։ Այս անհաւասարակշիռ վիճակը կը խոչընդոտէ Ափրիկէի զարգացման եւ երկար ժամկէտով նոյնիսկ Եւրոպայի համար բացասական կը հանդիսանայ։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2018, 10:15