Որոնել

Չինաստանի մէջ հաւատացեալներէ առնուած լուսանկար Չինաստանի մէջ հաւատացեալներէ առնուած լուսանկար 

Չինաստանի մէջ պետական գործակալներ քանդած են եկեղեցի մը:

Չինաստանի մէջ քանդուած Եկեղեցին, կառուցուած է 1920ականներուն իբր անձնական տուն, որ կը գտնուի Լիանկուանկ գիւղին մէջ.

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Յուլիսի 17ի առաւօտեան, Չինաստանի Ժինան նահանգին մէջ պետական գործակալներ քանդած են եկեղեցի մը։ Մօտ 40 ոստիկաններ եւ պետական աշխատաւորներ մտած են եկեղեցի։ Երեք կիներ, որոնք հոգ կը տանին եկեղեցւոյ, դուրս շպրտուած են, խուզարկուած եւ անոնց հեռախօսները փշրուած։ Ապա այլ 30 մարդիկ հասած են պուլտոզըրներով եւ սկսած են քանդել եկեղեցին։ Արարքը կապուած է տեղական բնակարաններու եւ շոգեկառքի կայանի մը կառուցման հետ։ Նախապէս, եկեղեցին տեղափոխելու հարցով բանակցութիւններ կատարուած են տեղւոյն Կրօնական Հարցերու Գրասենեակին հետ, սակայն եկեղեցւոյ քանդումի օրուան մասին կանխազգուշացում չէ եղած, եւ ոչ ալ որոշուած է նոր եկեղցւոյ մը վայրը։
Եկեղեցին, կառուցուած 1920ականներուն իբր անձնական տուն, կը գտնուի Լիանկուանկ գիւղին մէջ. սակայն միայն վերջերս տրուած էր պետկան արտօնութիւնը՝ օրինական կերպով գործելու։
Յուլիսի 23ին, տեղացի կաթողիկէներ եւ քրիստոնեաներ հաւաքուած են քանդուած եկեղեցւոյ մօտ աղօթելու եւ բողոքելու համար։ Ըստ տեղական լուրերու, նաեւ Վանկչունի մէջ քանդուած է եկեղեցի մը, քաղաքի զարգացման ծրագիրներու ծիրէն ներս։
Յունիս ամսոյն, պետութիւնը քանդած էր խաչի ճանապարհ մը Հենան նահանգին մէջ։ Ան հազարաւոր չինացի կաթողիկէներու համար եղած էր ուխտավայր։
Այս տարուան սկիզբը պետութիւնը սկսած էր կատարել բարեփոխումներ, որուն մաս կը կազմէ նաեւ պետութեան կողմէ ճանչցուած Չինաստանի Հայրենասիրական Կաթողիկէ Միութիւնը անմիջականօրէն դնել Չինաստանի Համայնավար Կուսակցութեան հսկողութեան տակ։ Ըստ նոր կարգադրութեան մը, եկեղեցիներու մուտքին պէտք է նաեւ զետեղուի ազդ մը, որ կʼարգիլէ անչափահասներուն մուտք գործել եկեղեցիէն ներս։
Մարտ ամսոյն Գերապայծառ Վինսենթ Կուօ Ժիչին, որ կը պատկանի Հռոմի հաւատարիմ այսպէս կոչուած «ստորերկրեայ Եկեղեցւոյ», բանտարկուած էր, որովհետեւ մերժած էր մասնակցիլ ապօրէն կերպով օծուած եպիսկոպոսի մը սուրբ իւղերու օրհնութեան մատուցած Պատարագին։ Ապա ազատ արձակուած էր, սակայն արգիլուած էր անոր մատուցանել սուրբ իւղերու օրհնութեան իր Պատարագը։
Չինաստանի պետութիւնը եւ Սուրբ Աթոռը իրարու հետ տեւական բանակցութիւններու մէջ են վերջ դնելու Չինաստանի երկու կաթողիկէ եկեղեցիներու պառակտումին։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2018, 10:38