Աղթամարի կղզին Աղթամարի կղզին 

Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին կրնայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մնայուն ցանկին վրայ դրուիլ:

Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին կառուցուած է 915-921 թուականներուն

Վանի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցին կրնայ դրուիլ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան մնայուն ցանկին վրայ: Արդարեւ, թրքական «Անատոլու» կայքը գրած է, թէ տարեկան հազարաւոր տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն կղզի, իսկ այս տարուան առաջին 7 ամսուան ընթացքին միայն, Աղթամար այցելած է տեղացի եւ արտասահմանցի մօտաւորապէս 83 հազար զբօսաշրջիկ: Այս մասին կը հաղորդէ «Փանորամա»:

Վանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան հարցերու տնօրէն Մուզաֆեր Աքթուղ ըսած է, թէ Աղթամարի յուշահամալիրը, զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէն` քաղաքի ամէնէն կարեւոր պատմական արժէքներէն մէկն է: Աղթամարի եկեղեցին 2015-ին ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ժամանակաւոր ցանկին մէջ: Աքթուղ նշած է, որ Թանգարաններու գլխաւոր վարչութեան հետ քննարկելով` որոշած են այս տարի դիմում ներկայացնել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին` Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին Համաշխարհային ժառանգութեան մնայուն ցանկին մէջ ընդգրկելու:

Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին կառուցուած է 915-921 թուականներուն` Վասպուրականի Գագիկ Ա. Արծրունի թագաւորի հրամանով, իսկ անոր ճարտարապետը Մանուէլն է:

2005-ին, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան որոշումով սկսած էին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները, որոնք տեւեցին երկու տարի` արժելով 4 միլիոն լիրա:

Կը նշուի, որ վերականգնողական աշխատանքներու մասնագէտ-արուեստագէտներու խումբին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ հնագէտներ եւ ճարտարապետ-շինարարներ, որոնց շարքին` Հայաստանէն մասնագէտներ:

Վերանորոգումէն ետք, եկեղեցին ստացած է թանգարան-յուշարձանի կարգավիճակ:

Նշենք, որ 19 սեպտեմբեր 2010-ին, առաջին անգամ ըլլալով եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուեցաւ, իսկ 30 սեպտեմբերի գիշերը մինչեւ 1 հոկտեմբեր` խաչ զետեղուեցաւ եկեղեցւոյ վրայ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2018, 08:54