Որոնել

Հարիսաի Տիրամօր նուիրուած սրբավայրը Հարիսաի Տիրամօր նուիրուած սրբավայրը 

Լիբանանի Հարիսայի Տիրամօր սրբավայրին 110 ամեակի յոբելենական տարի

Հարիսայի Տիրամօր նուիրուած տաճարին օծման 110 ամեակի յոբելենական տարի:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 5 օգոստոս՝ 2018-ին, Հարիսայի Տիրամօր սրբավայրին մէջ սկիզբ առին, սրբավայրին բացման արարողութեան 110 ամեակի յոբելենական տարւոյն տօնակատարութիւնները: Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը Սրբավայրին տաճարին մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագ,  որմէ ետք տեղի ունեցաւ Սրբավայրին Սուրբ Դրան բացման արարողութիւնը, որ բաց պիտի մնայ ուխտաւորներուն դիմաց մէկ տարի տեւողութեամբ: 

Յայտնենք, թէ Հարիսայի Տիրամօր սրբավայրի բացումը կատարուած է 1908-ին եւ ան ուխտագնացութեան նպատակավայր հանդիսացած է  ոչ միայն քրիստոնեայ ուխտաւորներուն այլեւ մահմետականներուն, որոնք մեծապէս կը յարգեն ու մեծարեն Աստուածածինը, որուն մասին գրուած է նաեւ Ղուրանի մէջ:

Սրբավայրը, մեծ թիւով յաճախուած է նաեւ մահմետական կիներու կողմէ, որոնք Տիրամօր տաճարին մէջ մոմ վառելով, Աստուածածինէն կը հայցեն՝ զաւակ մը ունենալու շնորհքը:

Սրբավայրին փոխ մեծաւոր՝ հայր Խալիլ Ալվանի փոխանցմամբ, Հարիսայի Տիրամօր սրբավայրը  նկատուած է արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ որպէս հանդիպումի վայր, ուր ամէն տարի աշխարհի չորս ծագերէն  աւելի քան երկու միլոն ուխտաւորներ կը ժամանեն՝ Տիրամօր բարեխօսութիւնը հայցելու համար:

2016-ին, Մարոնիներու Պշարա Ռայի Պատիրարքը, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի ընթացքին Լիբանանն ու միջին արեւելքը նուիրեց Տիրամօր անարատ սրտին: :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2018, 15:07