Որոնել

Դպրոց Դպրոց 

Յորդանանի միակ հայկական դպրոցը փակելու որոշումը կը ցնցէ երկրի Հայ Համայնքը

Փակուելու որոշումին հետ որոշում առնուեցաւ տարածքը վարձու տալու արաբական դպրոցի մը

Յուլիս 20-ին, Յորդանանի Հայ համայնքը իր ամենադժուար պահը կ՚անցընէ, իր գոյութիւնը վտանգող, ազգային միակ հայկական դպրոցի փակման որոշումով։ Այս մասին կը կարդանք Յորդանանէն Մարալ Ներսէսեանի դիմատետրի էջէն։

«Հայրենիքէն դուրս մեր գոյութիւնը արդէն իսկ վտանգուած է՝ աննախադէպ խառն ամուսութիւններով, միութենական խնդիրներով լի, իսկ հիմա առանց համայնքային հիմնասիւնի «դպրոցի», մեր փոքր Հայ համայնքը արմատական սպառնալիքի ազդեցութիւն կրող իրողութեան առջեւ կը գտնուի, որուն հեռանկարը արդէն մշուշոտ է։

Որպէս Յորդանանահայ համայնքի ուսումնասիրութեամբ աշխատանք տանող, կ՚արձագանգեմ այս էդաբը որպէս գագաթնային օրհասական ճգնաժամ։

Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան մանկապարտէզ եւ 6 դասարաններով նախակրթական վարժարանը դասաւանդած եւ դաստիարակած է 56 տարիներ շարունակ (55 հունձք) Հայաշունչ կրթութեամբ։

Հայոց դպրոցի աշակերտներու թիւը, որ կը նուազէր տարուէ տարի, Սուրիահայերու գաղթով ունեցաւ իր ամենազգալի առաջին հարուածը։

Դպրոցը տարեկան ներդրումներ կը ստանար «քանակի հերթականութեամբ» Կիւլպէնկեան հաստատութենէն (որ կասեցուած էր երկու տարի առաջ), Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէն եւ Ամմանի Հայ Օգնութեան Միութենէն։

Չորս տարի է արդէն՝ CARITAS-ի խնդրանքով՝ մեր դպրոցը ընդունած էր նաեւ ոչ-Հայ՝ արաբ-քրիստոնեայ իրաքցիներ, որոնք մինչ օրս կը յաճախէին։

Փակուելու որոշումին հետ որոշում առնուեցաւ տարածքը վարձու տալու արաբական դպրոցի մը, պայմանով որ նոյն դպրոց յաճախող Հայ աշակերտները հայերէն լեզուի դասընթացներ ստանան։

Տեսուչը կը հանդիսանար Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութենէն նշանակուած եկեղեցական մը, որ ընդհանրապէս եղած է նաեւ Յորդանանահայ Համայնքի առաջնորդը»,- կը գրէ Մարալ Ներսէսեան։

Քաղուած «Եռագոյնէն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2018, 08:00