Ռայի Պատրիարքը Ռայի Պատրիարքը 

Ռայի Պատրիարքը կոչ կ՛ուղղէ քաղաքական անձնաւորութիւններուն կազմելու կառավարութիւն մը:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը ընդգծեց կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական անձնաւորութիւններուն կազմելու կառավարութիւն մը` հաստատելով, որ կարելի չէ երկիրը այս կացութեան մէջ պահել:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ ինք ամէնօրեայ դրութեամբ այս կոչը պիտի ուղղէ` նկատի ունենալով երկրին տնտեսական կացութիւնը: Ան մաղթեց, որ Աստուած օգնութեան հասնի վարչապետ Սաատ Հարիրիին, որպէսզի ան կարենայ գոհացնել քաղաքական բոլոր ուժերը:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը այցելեց Տնտեսական ընկերային խորհուրդի կեդրոնը` ընկերակցութեամբ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին:

Կեդրոնին մէջ Ռայի պատրիարքը դիմաւորեցին Տնտեսական ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ, երեսփոխաններ Շաուքի Տաքքաշ եւ Ֆատի Ալամէ, Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար, ինչպէս նաեւ տնտեսական խորհուրդներու եւ սենտիքաներու ներկայացուցիչներ:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը ընդգծեց կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը` նշելով, որ քաղաքական պատասխանատուները չեն հետաքրքրուած ժողովուրդին ցաւերով եւ անոր դիմագրաւած տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստ ապահովելու տանջանքներով:

Ան յայտնեց, որ հզօր տնտեսութիւն ունեցող պետութիւն մը կ՛ամրապնդէ նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ  բարօրութիւն կ՛ընծայէ իր քաղաքացիներուն, որոնք իրենց ապագային կը վստահին եւ իրենց հողին կառչած կը մնան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց նաեւ երկրին կրթական մարզին դիմագրաւած հարցերը լուծելու իմաստով լիբանանեան պետութեան պարտաւորութիւնները` հաստատելով, որ պետութեան մէջ կիներու ներկայացուցչութեան գծով տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարուելիք:

Ան դիտել տուաւ, որ խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայացուցչութեան պատկերը շատ աւելի լաւ պէտք է ըլլար` նշելով, որ իգական սեռը պէտք է նկատի ունենալ կառավարութեան մէջ եւ անոր յանձնել նախարարութիւններ` նկատի ունենալով, որ կիները յաւելեալ լրջութեամբ կը գործեն:

Հանդիպումին աւարտին Արպիտ Ռայի պատրիարքին յանձնեց յուշանուէր մը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2018, 08:51