Որոնել

Արամ Մանուկեանի արձանը Արամ Մանուկեանի արձանը 

Երեւանի մէջ պաշտօնական եւ ժողովրդային բացում` Արամ Մանուկեանի արձանին:

Ի դէմս Արամ Մանուկեանի, գործ ունինք մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն առաքեալին հետ

Երէկ` երեքշաբթի, 17 յուլիս 2018-ին Երեւանի կեդրոնը` Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական, հասարակական գործիչ, հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր, դաշնակցական գործիչ Արամ Մանուկեանի արձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը, Ազգային ժողովի նախագահը, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, դաշնակցական գործիչներ, շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, բազմաթիւ քաղաքացիներ:

Ձեռնարկին խօսք արտասանած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ ըսած, որ Արամ Մանուկեանը լիարժէք կատարած է իր առաքելութիւնը` գտնելով յաղթանակ պարտութիւններու մէջ, եւ այդ առաքելութիւնը սերմանած է այս հողին մէջ:

«Թերեւս սխալած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ ի դէմս Արամ Մանուկեանի, գործ ունինք մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն առաքեալին հետ: Ան ծնունդ առաւ իրականացնելու մեծ առաքելութիւն մը եւ իրագործեց զայն: Ատիկա իսկապէս մեծագոյն առաքելութիւն է` գտնել յաղթանակ պարտութիւններու տեղատարափի մէջ, գտնել յոյս յուսահատութեան հեղեղին մէջ, գտնել ուժ, երբ կը թուի` թեւերդ թուլցած են եւ ծունկերդ ծալուած: Արամ Մանուկեանը լիարժէք կատարեց իր առաքելութիւնը, ան  երբեք չապրեցաւ իր, իր ընտանիքին կամ հարազատներուն համար, ան  ապրեցաւ իր ժողովուրդին համար, պայքարեցաւ ու յաղթեց իր ժողովուրդին համար: Ան մահացաւ իր գաղթած, կոտրուած անտուն ժողովուրդէն իրեն փոխանցուած հիւանդութեան պատճառով եւ ամբողջացուց իր առաքելութիւնը», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Վարչապետին կարծիքով` Արամ Մանուկեանը այդ առաքելութիւնը իր գոյութեամբ սերմանած է այս հողին մէջ: Վարչապետ Փաշինեան նկատել տուած է, որ մեծ հաւանականութեամբ ան քալած է այն տեղով, ուր հիմա կանգնած են բոլորը:

«Մենք ունինք մեր առաքելութիւնը: Պետական, հանրային այրերու, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու առաքելութիւնն է`  ըլլալ արժանի Արամ Մանուկեանին, անոր առաքինութեան եւ ապրիլ այնպէս, որ իրաւունք ունենանք ամէն անգամ անոր արձանին դիմացէն  անցնելու ընթացքին նայիլ անոր աչքերուն մէջ եւ ըսել, որ  տէրն ենք իր առաքելութեան, իր գործը կիսատ չէ: Անոր յաղթանակը կենդանի է», ըսած է վարչապետը եւ աւելցուցած, որ հայ ժողովուրդը յաղթանակած է յաւիտեան:

Ձեռնարկին խօսք արտասանած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, որ անդրադարձած է Արամ Մանուկեանի կեանքին, պետական, ռազմական եւ քաղաքական գործունէութեան:

Անդրադառնալով արձանին` Կիրօ Մանոյեան ըսած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան փաստացի հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յուշարձանի կանգնեցումը քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնին մէջ, թէկուզ ուշացած, բայց պատշաճ յարգանքի տուրք է: Յարգանքի քայլ, որ  ցանկալի է, որ ունենայ իր շարունակութիւնը, այնպէս ինչպէս նախատեսուած էր` Արամ արքային նուիրուած Արամի փողոցի վերանուանումը Արամ Մանուկեանի փողոց, այդ փողոցին մէկ հատուածին մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած այգիի հաստատումը` խորհրդարանի նախագահներու եւ վարչապետներու կիսանդրիներով: Մենք նաեւ կ՛աշխատինք, որ այդ փողոցը գտնուող Արամ Մանուկեանի տունը, աւելի ճիշդ, տան մնացած պատերուն ներսը կառուցուի Արամ Մանուկեանի եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան նուիրուած տուն-թանգարան:

Հասկնալի է, որ առանց այդ վերականգնուած պետականութեան, մենք պիտի չունենայինք ո՛չ Խորհրդային Հայաստան, ո՛չ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւն, ո՛չ` նոր Հայաստան»:

Կիրօ Մանոյեան ըսած է նաեւ, թէ Արամի արձանի կանգնեցումը կարելի չէ մեկնաբանել իբրեւ անհատի պաշտամունքի դրսեւորում` մատնանշելով Արամ Մանուկեանի միայն 40 տարեկան կեանքի փուլերը Սիւնիքէն  Շուշի, Պաքու, Թիֆլիս, Կարս, Վան եւ Երեւան:

Անդրադառնալով Արամ Մանուկեան տիպարին` Կիրօ Մանոյեան ըսած է. «Տակաւին խորհրդային ժամանակաշրջանէն սկսած Արամի ու իր գործակիցներու վաստակի ստորագնահատման կարեւոր պատճառներէն մէկը անոր ՀՅԴ անդամ ըլլալու փաստն է: Արամը դաշնակցական էր երկու առումով, առաջին` կուսակցական` իր ամբողջ կեանքը նուիրելով հայ ժողովուրդի ազատութեան պայքարին: Ան նաեւ դաշնակցական էր բառին ոչ կուսակցական առումով: Ան կը հաւատար, որ կրնայ պայքարիլ` տարբեր ուժեր համախմբելով:

Արամի միտքերէն շատերը այսօր եւս կը մնան ուսանելի, առաջնորդող: Այդ մտքերէն է այս բառերով արտայայտածը. «Մենակ ենք ու պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերին, թէ ճակատը պաշտպանելու, թէ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար»: Ասիկա չի նշանակեր չունենալ դաշնակիցներ կամ ընկերներ, բայց կը նշանակէ` յոյսը ամէնէն առաջ դնել սեփական ուժերուն վրայ, թէ՛ մեր ներքին խնդիրները լուծելու, թէ՛ մեր արտաքին սպառնալիքներն ու մարտահրաւէրները դիմակայելու համար:

Եզրակացնելով Կիրօ Մանոյեան յայտնած է. «Արամի արձանը կանգնեցնելով մենք կը յարգենք մեր պետականութիւնը վերականգնած ամբողջ սերունդը»:

Ելոյթ ունեցած է նաեւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը` իր հայրապետական օրհնութիւնը բերելով հասարակական-պետական մեծ գործիչ Արամ Մանուկեանի արձանի բացման արարողութեան:

«Այս հանդիսաւոր արարողութեամբ կ՛ոգեկոչուի յիշատակը մեր ժողովուրդի նուիրեալ ու վաստակեալ զաւակին, որ մեր պատմութեան դժուարին ժամանակներուն հերոսացաւ հայրենեաց պաշտպանութեան մաքառումներուն ընթացքին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան գործին մէջ բերած իր անդուլ ջանքերով ու կորովով: Ան սերունդ դաստիարակող ուսուցիչ էր, որ դարձաւ իր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպան, Վանի ինքնապաշտպանութեան ջահակիր ռազմիկ, Վանի նահանգապետ, մեր հայրենեաց արեւելեան փրկուած հատուածին մէջ պետականութեան վերահաստատման յառաջամարտիկ: Անոր անունը մեր ժողովուրդին համար անբաժանելի դարձած է մէկ դար առաջ արձանագրուած մայիսեան հերոսամարտերու փառապանծ յաղթանակներէն, անկախ պետականութեան վերակերտման պատասխանատուութենէն ու ամբողջանուէր ջանքերէն: Արամ Մանուկեանի արձանի բացումը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակի այս տարին խորհրդանշական է` իբրեւ երախտիք մեր ժողովուրդի մեծ զաւակին, իբրեւ ազգանուիրումի ու հայրենասիրութեան ոգեշնչում այսօր ապրողներուս եւ մեր հետագայ սերունդներուն:

Մեր պատմութեան կարեւոր դրուագներէն է Սարդարապատի հերոսամարտի նախօրեակին Արամ Մանուկեանի հանդիպումը Գէորգ Ե. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ, երբ մայր հայրենիքի պաշտպանութեան վճռականութիւնը ստանձնած նուիրեալ հայորդին ականատես եղաւ նաեւ աննահանջ հոգեւոր ուժին Հայ եկեղեցւոյ եւ հայոց հայրապետի: Միասնական կամքով պայքարի ելած մեր ժողովուրդը յաղթանակեց` պաշտպանելով իր գոյութեան, հայրենի հողի վրայ ապրելու ու արարելու իր արդար իրաւունքը: Արամ Մանուկեանը կարճ կեանք ունեցաւ, բայց անիկա ամբողջութեամբ ընծայեց պայծառ ու հզօր Հայաստանի, բարգաւաճող իր ազգին, յառաջընթաց հայ կեանքի վառ տեսլականի իրագործման», ըսած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Այս առիթով Ամենայն հայոց կաթողիկոսը հայրապետական իր գնահատանքը յայտնած է ՀՅԴ-ի երախտարժան ներկայացուցիչ Արամ Մանուկեանի արձանի ծրագիրի նախաձեռնողներուն եւ իրականացնողներուն, ինչպէս նաեւ բարերարներ Աշոտ Թունեանին եւ Գաբրիէլ Չեմպերճեանին, քանդակագործ Դաւիթ Մինասեանին:

Արամ Մանուկեանի արձանի բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ  բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանը, որ իր ներդրումը ունեցած է արձանի կառուցման գործին մէջ:

«Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Չեմպերճեան ըսած է, որ ինքն ալ արձանը չհաւնողներու շարքին էր: «Այսօր կը զղջամ անոր համար, երբ արձանը արդէն պատրաստ կը տեսնեմ: Արամ Մանուկեանի արձանը շատ գեղեցիկ եւ կարեւոր է, կարեւոր է նաեւ, որ անիկա իր պատուաւոր տեղը ունեցաւ», նշած է բարերարը:

Ան նշած է, որ Արամ Մանուկեանը Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրն է, եւ տպաւորիչ է, որ արձանի բացումը վարչապետ Փաշինեանը կը կատարէ: «Արձանին իմաստը շատ կարեւոր է, եւ օրն ալ պատահական օր չէ: 17 յուլիսին, երբ մեր առաջին հանրապետութեան ղեկավար կազմը տեղափոխուեցաւ Հայաստան», ըսած է ան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2018, 08:25