Որոնել

Նելսոն Մանտելա Նելսոն Մանտելա 

''Նէլսոն Մանտելայի'' անուան միջազգային օր։

Մանտելան մահկանացուն կնքեց 5 դեկտեմբեր 2013-ին

Մեծարելու նպատակաւ Հարաւային Ափրիկէի երբեմնի նախագահ` Նէլսոն Մանտէլան ու անոր նպաստը ի սպաս խաղաղութեան եւ ազատութեան մշակոյթի կերտումին,  2010 -ին ՄԱԿ-ը 18 յուլիսը, անոր ծննդեան տարեդարձի օրը,  հռչակեց  ''Նէլսոն Մանտելայի'' անուան Միջազգային Օր։ Մանտելան մահկանացուն կնքեց 5 դեկտեմբեր 2013-ին։

1918 թուականին ծնած Մանտելան Հարաւային Ափրիկեան իրականութենէն ներս մեծ հեղինակութիւն վայելող եւ ժողովրդագրական հսկայ հատուած ներկայացնող Քհոսա ցեղի առաջնորդին աւագ որդին էր։

Մանտելա 27 տարիներ բանտարկուելով ողջ մարդկութեան ապացուցեց, որ ազատազրկումը կամ որեւէ տեսակի բռնութիւն անկարող կը մնայ ընկճել մարդկային հզօր կամքը եւ վարկաբեկել ազատ մահկանացուի արժանապատուութիւնը։ ''Ես վստահ եմ, որ կը տոկամ անձիս բաժին ինկած տառապանքին, փորձութիւններուն ու կը գոյատեւեմ, որովհետեւ ոչ ոք եւ ոչ մէկ միջոց պիտի կարողանան պարտութեան մատնել զիս, նսեմացնել արժանապատուութիւնս, անկաշկանդ եւ արժանավայել ապրելու իմ վճռականութիւնս։ Ես պիտի չնահանջեմ եւ պիտի չյանձնուիմ որեւէ պարագայի։ Համոզուած եմ, որ անպայման պիտի գայ այն օրը, որ ազատութիւն պիտի շնորհէ անձնապէս ինծի եւ իմ տառապեալ ժողովուրդին։

Մանտելայի պատգամը

Իր կրած տառապանքներուն եւ դժբախտութեանց համար Մանտելա ամենեւին չմեղադրեց երկրի սպիտակամորթ փոքրամասնութիւնը։ Անոր ըմբոստութիւնը տիրող ցեղապաշտ համակարգին ուղղուած էր եւ ոչ թէ՝ հարաւափրիկեան հասարակութիւնը կազմաւորող փոքրամասնական բաղադրիչներու դէմ։ Արդարեւ, 27 Ապրիլ 1994 թուականին կազմակերպուած ընտրութիւններու նախօրէին ան կոչ ուղղած էր երկրի սեւամորթներուն ներողամտութեամբ, բարեացակամութեամբ եւ մեծահոգութեամբ վարուելու սպիտակամորթ փոքրամասնութեան նկատմամբ՝ ապահովելով անոնց անվտանգութիւնը եւ վստահութիւն ներշնչելով բոլորին։

Մանտելա ողջ մարդկութեան ապացուցեց, որ առաջին հերթին անհրաժեշտ է ըլլալ ծառայ եւ ապա առաջնորդ։ Մանաւանդ՝ իրաւ մարդ, որ կը ծառայէ դրսեւորելով ճշմարիտ, կարողունակ ղեկավարի առանձնայատկութիւններ եւ ձեռնհասօրէն կը ղեկավարէ որպէս ծառայի, միշտ առաջադրելով իր ժողովուրդի երջանկութիւնը, բարգաւաճումն ու զարգացումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2018, 08:30