Որոնել

Պիքֆայայի Մայրավանք Պիքֆայայի Մայրավանք 

Վատիկանի մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած դեսպանը այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց դեսպան Ֆարիտ Խազենը:

Երկուշաբթի, 16 յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը:

Նոր նշանակուած դեսպանը նախքան Վատիկան մեկնիլը փափաքած էր այցելութիւն մը տալ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որպէսզի վեհափառ հայրապետէն տեղեակ դառնայ Միջին Արեւելքի, յատկապէս Լիբանանի նկատմամբ Վատիկանի կեցուածքին մասին: Վեհափառ հայրապետը, քաջատեղեակ ըլլալով ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի կացութեան, ամփոփ գիծերով ներկայացուց շրջանին մէջ ստեղծուած ընդհանուր պատկերը եւ յաւելեալ լուսաբանութիւններ տուաւ քրիստոնեայ համայնքներուն, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան եւ ընդհանրապէս Լիբանանի նկատմամբ միջազգային համայնքին կեցուածքին մասին:

Յայտնենք, որ դոկտ. Ֆարիտ Խազեն եղած է նախկին երեսփոխան Քեսրուանի շրջանէն, ինչպէս նաեւ ամերիկեան համալսարանին մէջ միջազգային օրէնքի ու քաղաքականութեան դասախօս:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2018, 08:39