Որոնել

Նախագահ Մադարելլա Նախագահ Մադարելլա 

Իտալիոյ Նախագահը Պետական այցով ժամանեց Հայաստան։

Երկօրեայ պետական այցը կ՝իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով:

Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերճիօ Մադարելան՝ իր դուստրի Լաուրա Մադարելայի հետ պետական այցով ժամանեց Հայաստան: Օդակայանին մէջ, ըստ Armenpress.am-ի, անոր դիմաւորեց ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան:

Երկօրեայ պետական այցը կ՝իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով:

Նախագահ Մադարելայի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ են Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Էնցօ Մոաւէրօ Միլանեզին, պաշտօնատար այլ անձեր:

Յուլիս 30-ին, ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ, տեղի կ’ունենայ Իտալիոյ նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն կը յաջորդէ նախագահներ Արմէն Սարգսեանի եւ Սերճիօ Մադարելայի առանձնազրոյցը, այնուհետեւ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ՝ ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: Նախագահներ Սարգսեան ու Մադարելա հանդէս կու գան մամուլի համար յայտարարութեամբ:

Պետական այցին ծիրէն ներս՝ Իտալիոյ նախագահը հանդիպումներ կ’ունենայ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ, կը հիւրընկալուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին:

Սերճիօ Մադարելայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կ’այցելի Մեծ Եղեռնի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին։ Հայաստանի եւ Իտալիոյ նախագահներու ներկայութեամբ տեղի կ’ունենայ հայ-իտալական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կեդրոնի բացման արարողութիւնը:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2018, 13:26