Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Փերույի եպիսկոպոսները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Փերույի եպիսկոպոսները 

Փերույի անկախութեան 197-րդ ամեակի առիթով եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի պատգամը:

Փերույի իրաւական կարգավիճակը անկիւնաքար կը նկատուի ժողովրդավարութեան եւ զարգացման ի խնդիր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Փերույի անկախութեան 197-րդ ամեակի առիթով, երկրի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը, յայտարարութեամբ մը խրախուսած են երկրի բնակչութիւնը՝ շարունակելու յոյսով գործել աւելի լաւ երկիր կառուցելու համար:

Եպիսկոպոսաց դասին հոգեւոր առաջնորդներուն քաջալերանքի խօսքերը հնչած են այնպիսի ժամանակահատուածին, ուր երկրին քաղաքական վիճակը բնորոշուած է փտածութեան, կաշառակերութեան անարդար արաքներով, ուր վերջերս ազգային խորհուրդի բարձր ատեանի երկու դատաւորներ մեղադրուած են քրէական ծանր յանցանքներով:

«Երկրի ժողովրդավարական հաստատութիւններու քաղաքական, բարոյական ընկերային իրավիճակը,մասնաւորապէս դատավարական համակարգը, ցոյց կու տան հաստատութիւններուն բարեփոխման շտապ կարիքը՝ բոլոր մակարդակներու վրայ, երաշխաւորելու համար երկրին իրաւական կարգավիճակը, որ անկիւնաքար կը նկատուի ժողովրդավարութեան եւ զարգացման ի խնդիր» : Գրուած է Փերույի եպիսկոպոսաց դասի անդամներու քաջալերանքի պատգամին մէջ, անոնք ապա հրաւիրած են երկրի իշխանութիւնները իրենց պատասխանատուութեան՝կառուցելու համար արդար, յստակ սկզբունքներուն վրայ ամրապնդուած ընկերութիւն մը եւ որոնեն բոլորին հասարակաց բարիքը:

Փերույի եպիսկոպոսները պատգամին մէջ յիշած են Ֆրանչիսկոս Պապին 2018-ին, յունուար ամսոյն Փերու կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին արտասանած խօսքերէն հատուած մը «ոչ մէկը կրնայ իրազեկ չմնալ այս գործընթացէն: Կաշառակերութիւնը խուսափելի է եւ անիկա բոլորին յանձնառութիւնը կը պահանջէ»:

Փերույի անկախութեան 197-րդ տարեդարձի առիթով հրապարակած պատգամին աւարտին Փերուի եպիսկոպոսները հրաւէր ուղղած են կառավարական իշխանութիւններուն, որոշումներ կայացնելու ծիրէն ներս հաշուի առնեն մանուկները եւ երիտասարդները, որոնք մտահոգ եւ անվստահ աչքերով կը նային երկրին՝ մինչ անոնք կը փափաքին հաւատքով եւ վստահութեամբ ապրիլ իրենց սիրելի երկրին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2018, 10:35