Որոնել

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն 

Համագաղութային տօնախմբութիւն նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին։

Տօնախմբութեան առթիւ հրապարակուեցաւ երեք յարանուանութեանց առաջնորդներուն միացեալ պատգամը

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի երեք յարանուանութեանց ու կուսակցութեանց, Կիրակի, 24 Յունիսի երեկոյեան, Փասատինայի «Սեքսըն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակի համագաղութային տօնախմբութիւնը որուն առթիւ հրապարակուեցաւ նաեւ երեք յարանուանութեանց առաջնորդներուն միացեալ հետեւեալ պատգամը.

«Քրիստոնէական սիրով եւ ազգային հպարտութեամբ կ՛ողջունենք ձեզ, մեր նորագոյն պատմութեան մէջ փառաւոր էջի մը՝ Սարդարապատի յաղթանակի եւ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակին առիթով, մարմնաւորելու Հանրապետութեան անժամանցելի աւանդներու հաւատարմութեան շուրջ համայն հայութեան կամքը:

Սարդարապատի հերոսամարտի շռնդալի յաղթանակը եւ անոր յաջորդող Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրումը ազգովին տօնելով ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի Սփիւռս՝ կու գանք անգամ մը եւս ամրագրելու ազգային հերոս երանաշնորհ Վազգէն Ա. վեհափառ հայրապետի այն խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Սարդարապատի յաղթանակը երէկուան, այսօրուան համար չէ՛ միայն, այլ՝ բոլոր հնարաւոր Հայաստաններու համար՝ այժմ եւ յաւիտեան»:

Սիրելի՛ հայորդիներ,

Հայաստանի անկախ հանրապետութեան կերտումը ո՛չ միայն պատմական սխրալի իրագործում էր, այլեւ հրաշքի համազօր արարք, մանաւանդ եթէ յիշենք, թէ ինչպիսի՛ պայմաններու եւ կացութիւններու ծնունդ էր անկախ հանրապետութիւնը: Մեր ժողովուրդը 1918ին անգամ մը եւս ապացուցեց, թէ ինչպիսի հաւատարմութիւն կը պահպանէ քրիստոնէական ու ազգային մեր արժէքներուն հանդէպ, մեր տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս կը մնայ առաջնորդը իր դարաւոր երթին: Ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք, յարուցեալ Փրկիչին օրինակով, մեր ժողովուրդը յարութիւն առաւ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, Սասունցի Դաւիթի նման գոչեց՝ «դեռ ո՛ղջ եմ», ու աշխարհին ծանոյց, թէ վճռած է իր տեղը պահպանել քարտէսին վրայ, քաղաքակիրթ մարդկութեան շարքերուն:

Անկախութիւնը կերտած սերունդը կը մարմնաւորէր ամբողջ հայութիւնը. անկախութիւնը կերտուեցաւ հայ ֆետայիին ու զինուորին, հոգեւորականին, մտաւորականին, քաղաքական առաջնորդներուն ու ժողովուրդի ամէնէն համեստ խաւերուն իսկ մասնակցութեամբ: Հայութիւնը, Ղեւոնդ Երէցի, Վարդան Մամիկոնեանի ու Աւարայրի նահատակներուն կամքով, միահամուռ «ոչ» պատասխանեց զինք բնաջնջելու ելած թուրք թշնամիին, վերանորոգեց իբրեւ հայ քրիստոնեայ գոյատեւելու ուխտը: Անկախութեան սքանչելի սերունդը գործնապէս վկայեց, որ ամէնէն օրհասական կացութիւններն անգամ կարելի է գլխիվայր շրջել եւ պահպանել հայրենի հողն ու ազգութիւնը: Վեց դարերու սպասումէ ետք հայկական պետականութիւնը վերականգնելու հրաշքը, ապա նաեւ հիմնուած անկախ հայրենիքին սահմաններու ընդարձակումը պերճախօս պատգամներ եղան իրերայաջորդ սերունդներուս համար, եւ նոյն այժմէականութեամբ կը հնչեն նաեւ այսօր, Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն վրայ, եւ անոնց արձագանգները կը տարածուին արտերկրի բոլոր օճախներուն մէջ:

Արամ Ա. կաթողիկոսի բառերով՝ «Անկախութիւնը սրբազան արժէք է, ու զայն կերտողն ու պաշտպանողը ժողովո՛ւրդն է: Հետեւաբար, Հայաստանի անկախութիւնը գաղափարական ու քաղաքական մօտեցումներէ ու տարբերութիւններէ վե՛ր պէտք է մնայ»:

Արդ, աղօթքով ու յարգանքով կը յիշենք Սարդարապատի առաջամարտիկները՝ զինուորական, հոգեւորական եւ աշխարհական: Նոյնպէս կը յիշենք Սարդարապատի հոգեզաւակ՝ առաջին Հանրապետութեան գործիչները, Հանրապետութիւնը կերտող սերունդը, անոնց կտակին ու պատգամներուն հաւատարմութիւնը կը վերանորոգենք տարուէ տարի ո՛չ միայն խօսքով ու արարողական հանդիսութիւններով, այլ նաեւ գործո՛վ: Հայրենակերտումի եւ ամբողջական Հայաստանի աւանդին հաւատարմութիւնը մեր ժողովուրդին մէջ ներկայ է ամէնուրեք, որովհետեւ թշնամիին սպառնալիքները՝ արտաքին գետնի վրայ, իսկ հայութեան ինքնութեան եղծումի վտանգները՝ ներազգային մեր կեանքին մէջ, այսօր ալ կը դիմագրաւենք իբրեւ մարտահրաւէր. մեր բանակը ծաղիկ կեանքերու գնով պաշտպան կը կանգնի հայրենի հողին, իսկ մեր ժողովուրդը՝ եկեղեցիներով, պետական կառոյցներով, դպրոցներով, կազմակերպութիւններով ու միութիւններով, կը կանգնի հայութեան ու հայկականութեան ոգեղէն բերդերու պաշտպանութեան խրամատներուն մէջ, երթը աննահանջ շարունակելու վճռակամութեամբ: Ահա՛ թէ ինչպէս կը կիրարկուի Հանրապետութեան կերտիչներուն աւանդն ու կտակը:

Թող Աստուած օրհնէ յիշատակը Սարդարապատի սերունդին, Հայաստանի անկախութեան կերտիչներուն, հովանի ըլլայ երթը շարունակողներուն ու մեզ հասցնէ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի մարմնաւորման:

Թող Աստուած անսասան պահէ մեր անկախ հայրենիքը՝ իր Եռագոյն դրօշով:

Շնորհաւոր 100ամեակ՝ մեր անկախ Հանրապետութեան»։

 

ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ՝

Առաջնորդ Արեւմտեան Թեմի

 

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ՝

Առաջնորդ Արեւմտեան Թեմի

 

ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ՝

Առաջնորդ Կաթողիկէ Հայոց

 

ՎԵՐ. ՊԵՐՃ ՃԱՄՊԱԶԵԱՆ՝

Հովիւ Հայ Աւետ.

Եկեղեցիներու Միութեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2018, 10:00