Գերապայծառ Պեթանքուր եւ ՀՀ նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան Գերապայծառ Պեթանքուր եւ ՀՀ նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան 

Սուրբ Աթոռի նորանշանակ նուիրակը իր հաւատարմագրերը յանձնեց ՀՀ նախագահին

Գերապայծառ Պեթանքուր 11 Յուլիսին առաքելական նուիրակի հաւատարմագրերը յանձնեց ՀՀ նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

ՀՀ արտգործ նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշուած է. «Յուլիսի 10-ին Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ գերապայծառ Ժոզէ Ավելինօ Պեթանքուրը  (նստավայրը՝ Թբիլիսի) իր հաւատարմագրերի պատճէնը յանձնեց ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանին»:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ թէ «ԱԳ նախարարն ընդգծեց, որ առկայ է հայ-վատիկանեան հարուստ օրակարգ, ինչպէս երկկողմ, այնպէս էլ միջազգային ձևաչափում, դինամիկ և հետևողական երկխօսութիւն, և Հայաստանը հաստատակամ է շարունակելու այդ համագործակցութեան խորացմանն ուղղուած համատեղ քայլերը»։

Իր կարգին Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակը, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, պատրաստակամութիւն յայտնեց իր պաշտօնավարութեան ընթացքին քայլեր ձեռնարկել փոխադարձ յարգանքի և բարեկամութեան վրայ հիմնուած երկկողմ կապերն առ աւելի զարգացնելու ուղղութեամբ»:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը և Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակը կարևորեցին բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու կազմակերպումը՝ նշելով, որ անոնք լաւ հնարաւորութիւն կ՛ ընձեռնեն երկկողմ կապերուն նոր շունչ հաղորդելու ուղղութեամբ»:

Յայտնենք թէ գերապայծառ Պեթանքուրը, այսօր՝ 11 Յուլիսին, իր առաքելական նուիրակի հաւատարմագրերը յանձնեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանին, պաշտօնական կերպով ստանձնելով իր այս նոր առաքելութիւնը։

նախագահական Պալատի պաշտօնական կայքին վրայ այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք «Նախագահ Սարգսեանը,  յիշատակելով  որ եղած  է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպանը Սուրբ Աթոռի մօտ, ընդգծած  է թէ ինք քաջածանօթ է հայ-վատիկանեան յարաբերութիւններու հարուստ պատմութեան եւ օրակարգին: Ան ապա հաստատած է  թէ երկկողմ պատմական կապերը, մշակութային եւ հոգևոր մեծ ժառանգութիւնը համագործակցութեան հետագայ զարգացման համար լաւ նախադրեալներ եւ ամուր հիմք կը հանդիսանան»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2018, 08:30