Որոնել

Աթէնքի մօտ անտառային հրդեհներ Աթէնքի մօտ անտառային հրդեհներ 

Աթէնքի մօտ անտառային հրդեհներու զոհերուն թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ։

Մաթիի մէջ հրդեհներու պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը հասած 74-ի

Ի տես Աթէնքի մօտ բռնկուած ու տակաւին շարունակուող անտառային հրդեհներուն երկուշաբթի, 23 յուլիս 2018-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը կապ հաստատելով Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Հերոնիմոս արքեպիսկոպոսին հետ եւ յանուն վեհափառ հայրապետին ու Յունաստանի հայութեան իր ցաւակցութիւնը յայտնեց` միաժամանակ շեշտելով հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն դարաւոր բարեկամութիւնը:

Նշենք թէ Աթէնքի արուարձաններէն Մաթիի մէջ հրդեհներու պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը հասած 74-ի:

Փրկարարական ծառայութիւններու եւ ձկնորսներու կողմէ աւելի քան 700 մարդ փրկուեցաւ լողափերէն, ուր մարդիկ ապաստանած էին` փախուստ տալով բոցերէն: Հրդեհներու մեծ մասը կարելի եղած է առնել հսկողութեան տակ: Կրակի տարածման նպաստող ժամական 100 քիլոմեթր արագութեամբ քամին հանդարտած է:

Ասիկա 2007-էն ի վեր երկիրը հարուածած յոռեգոյն հրդեհն է: Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս երկրին մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարեց:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2018, 08:34