Որոնել

Խաղաղութիւն Խաղաղութիւն 

Հռոմի մէջ միջազգային գիտաժողով «Խաղաղութեան համար Երիտասարդներ» շարժումի նախաձեռնութեամբ։

Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Եւրոպայի զանազան երկիներէն ժամանած 1000 երիտասարդներ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

13 – 15 Յուլիս 2018-ին, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կազմակերպութեան մաս կազմող «Խաղաղութեան համար Երիտասարդներ» շարժումի նախաձեռնութեամբ տեղի կ՛ունենայ միջազգային գիտաժողով մը որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Եւրոպայի զանազան երկիներէն ժամանած 1000 երիտասարդներ եւ որուն բնաբանն է «Համապարփակ բարեկամութիւն՝ միասին ապրելու համար խաղաղութեամբ»։

«Ժամանակաշրջանի մը մէջ ուր շատ յաճախ կը խօսուի Պետութիւններու ու ազգերու միջեւ հակամարտութիւններու, բախումներու ու բաժանումներու մասին, Հռոմը պիտի հիւրընկալէ խաղաղութեան ու միութեան ձեռնարկ մը, կազմակերպուած Սանդէճիոյ հասարակութեան մաս կազմող «Երիտասարդներ Խաղաղութեան համար» շարժումին կողմէ, որուն անդամները ամէն օր կը զբաղին արուարձաններու մէջ ապրող ու դժուարութեան մէջ գտնուող մանուկներով, տնանկներով, տարեցներով ու միայնակ ապրող անձերով, խթանելու համար զօրակցութեան ու ներառումի մշակոյթը», կը կարդանք այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ուր ապա կը նշուի թէ երիտասարդներու շարքին, այս տարի  պիտի ըլլան նաեւ Միացեալ Նահանգներէն, Ասիայէն եւ Ափրիկէէն ժամանած երիտասարդներ։

Մշակութային ու արուեստագիտական խիտ յայտագիրով գիտաժողովը որ կազմակերպուած է նաեւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադրութեան 50 ամեակին առթիւ վերջ պիտի գտնէ կիրակի 15 յուլիս 2018-ի առաւօտեան, երբ գիտաժողովի բոլոր մասնակիցները պիտի այցելեն « Fosse Ardeatine»  խորշերը յիշելու համար Համաշխարհային Բ Պատերազմի զարհուրանքը ու միասին խորհրդածելու Եւրոպայի մը մասին որ կարող ըլլայ կառուցել խաղաղութիւն ու միութիւնը եւ որ կը նայի ապագային եւ ոչ թէ պատնէշներուն ու բաժանումներուն որոնք միայն դէպի ետ կարող են տանիլ մեզ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2018, 09:03