Երեւանի 2800-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն Յունաստանի մէջ։
Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը ձեզ կը հրաւիրէ ներկայ գտնուելու յատուկ հանդիսութեան մը յիշատակելու համար Երեւանի 2800-ամեակը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդատ օր»-ը։
Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէ Հայր Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեան՝ Առաքելական Կառավարիչ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի։ Գեղարուեստական ղեկավար Սարօ Զաւէն Տէմիրճեան։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 27 Յունիս 2018, երեկոյեան ժամը 9-ին, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ ներբակին մէջ — Նէոս Գոզմոս:
Յաւարտ հանդիսութեան հաճոյք ունի նաեւ ձեզ հրաւիրելու տաղանդաւոր գծագրիչ եւ քանդակագործ՝ Նազարէթ Խուպեարեանի անդրանիկ ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Առաջնորդարանիս հիւրանոցին մէջ։
Յ. Գ. Այս համեստ ցուցահանդէսին նպատակն է մեզ ծանօթացնել մեր պատմական հռչակաւոր անձնաւորութիւններուն հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ