Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Արամ Ա. Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Արամ Ա. 

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի Նախագահին

Արամ Ա. 3 յունիս 2018-ի երեկոյեան հեռաձայնային կապ հաստատեց Արցախի նախագահին հետ

1 յունիսին Ստեփանակերտի մէջ Արցախի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ծեծուըռտուքի դէպքին իբրեւ հակազդեցութիւն, 2 յունիսին խումբ մը երիտասարդներ Ստեփանակերտի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մէջ ցոյց կատարած են` փակելով փողոցի երթեւեկելի հատուածը:

2 յունիսին Արցախի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութեան յատուկ քննչական բաժինին մէջ յարուցուած է քրէական գործ` Արցախի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 269-րդ յօդուածի  3-րդ մասի Ա. եւ Բ. կէտերով: Կան ձերբակալուածներ: Կը կատարուի  նախաքննութիւն: Նկատի առնելով հանրութեան հետաքրքրութիւնը դէպքին վերաբերեալ, Արցախի Հանրապետութեան դատախազութիւնը նպատակայարմար  գտած է հրապարակել քրէական գործին մէջ առկայ տեսանիւթի` ծեծուըռտուքի հատուածը:

Այս ծիրին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 յունիսին ընդունած է Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցի խումբ մը ներկայացուցիչներ: Քննարկուած են նախօրէին մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած դէպքին վերաբերող շարք մը հարցեր: Երկրի ղեկավարը ներկաներուն վստահեցուցած է, որ պիտի իրականացուի մանրակրկիտ ու անաչառ հետաքննութիւն, եւ մեղաւորները պատասխանատուութիւն պիտի կրեն օրէնքով սահմանուած կարգով:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 3 յունիս 2018-ի երեկոյեան հեռաձայնային կապ հաստատեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերուն գծով:

Նախագահը ընդհանուր գիծերով կաթողիկոսին ներկայացուց տիրող կացութիւնն ու անոր դրդապատճառները: Արամ Ա. իր զօրակցութիւնը յայտնելով նախագահին եւ Արցախի ժողովուրդին` շեշտեց, որ Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները վստահաբար մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները ու Արցախի իշխանութիւնը, փոխադարձ հասկացողութեամբ, պիտի առաջնորդեն խոհեմութեան ու զգօնութեան` հեռու մնալով ստեղծումէ այնպիսի մթնոլորտի, որ կրնայ վնասել Արցախի անվտանգութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2018, 09:15