Նախագահ Աուն ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսներու հետ Նախագահ Աուն ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսներու հետ 

Զօր. Միշել Աուն ընդունեց ԱՄՆ-ի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու մէկ պատուիրակութիւնը

Նախագահ Աուն ԱՄՆ-ի Կաթողիկէ եպիսկոպոսներէն կը խնդրէ զօրակցիլ Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը պահանջող Լիբանանի կեցուածքին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու կաթողիկէ եպիսկոպոսներու մէկ պատուիրակութիւնը, որ յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող կաթողիկէ համայնքի զաւակներուն համար կարեւոր է Լիբանանի բարօրութիւնն ու կայունութիւնը:

Եպիսկոպոսները դրուատեցին նախագահ Աունի ջանքերը` երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու գծով, ինչպէս նաեւ ողջունեցին անոր իմաստուն քաղաքականութիւնը` երկրին եւ քաղաքացիին անվտանգութիւնը երաշխաւորելու իմաստով:

Կաթողիկէ եպիսկոպոսները իրենց կարողութիւնները զետեղեցին նախագահ Աունի տրամադրութեան տակ` օժանդակելու համար զգայուն պայմաններ դիմագրաւող Լիբանանին:

Իր կարգին, նախագահ Աուն պատուիրակութեան ներկայացուց Լիբանանի կացութիւնը` կեդրոնանալով երկրին դիմագրաւած տնտեսական կացութեան եւ արտաքին տագնապներուն վրայ, ինչպէս` Սուրիոյ պատերազմն ու Լիբանանի վրայ անոր ունեցած հետեւանքները, որոնք կը դրսեւորուին յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու հարցով:

Նախագահ Աուն եպիսկոպոսներէն խնդրեց զօրակցիլ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը պահանջող Լիբանանի կեցուածքին եւ այդ իմաստով աշխատանք տանիլ ամերիկեան պետական շրջանակներուն մօտ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ տեղահանուածներու տունդարձը խոչընդոտող արգելքներուն:

Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան կը մերժէ Իսրայէլի մէջ ամերիկեան դեսպանատան Երուսաղէմ փոխադրութիւնը` հաստատելով, որ Երուսաղէմը իսլամական, քրիստոնեայ եւ հրեայ կրօններուն Սուրբ քաղաքն է եւ չի կրնար միայն այս կամ այն կրօնին պատկանիլ:

Նախագահ Աուն եպիսկոպոսներու պատուիրակութեան ներկայացուց նաեւ իր ճիգերը` Լիբանանը քաղաքակրթութիւններու, մշակոյթներու, ազգերու եւ կրօններու երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի վերածելու նպատակով:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար, որ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթն ու Շուֆի կարիքները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2018, 08:00