Ֆուեկօ հրաբուխը Ֆուեկօ հրաբուխը 

Կուաթեմալայի մէջ Ֆուեկօ հրաբուխի ժայթքումին պատճառով արձանագրուած են բազմաթիւ զոհեր:

Մայրաքաղաք Կուաթեմալա Սիթիի մէջ յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն

Կուաթեմալայի մէջ Ֆուեկօ հրաբուխի ժայթքումին պատճառով մահացած է 33 մարդ: Այս մասին կը հաղորդէ «Փրենսա Լիպրէ» կայքը` յղում կատարելով աղէտներու հետեւանքներու նուազեցման ազգային ծառայութեան վերջին պաշտօնական տուեալներուն:

Նախապէս հրշէջ ծառայութիւնը հաղորդած էր 56 դիակներու գոյութեան մասին, որոնք յայտնաբերուած էին ծառայութեան աշխատակիցներուն կողմէ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը մէջբերած է պաշտօնեաներէն մէկուն յայտարարութիւնը, որուն համաձայն հրաբուխի ժայթքումին պատճառով զոհերուն թիւը 38 է:

Հրշէջ ծառայութեան վերջին տուեալներուն համաձայն, վիրաւորուած են 46 անձեր, հեռացուած են 3260 ուրիշներ, իսկ ժամանակաւոր կացարաններու մէջ տեղակայուած է 1680 մարդ:

Յայտնենք, որ Կուաթեմալայի մէջ տեղի ունեցած է Ֆուեկօ հրաբուխի` վերջին տարիներու մեծագոյն ժայթքումը:

Հրաբուխի մոխիրի եւ փոշիի սիւնի բարձրութիւնը հասած է 10 քիլոմեթրի, իսկ արտահոսած լաւայի երկարութիւնը` 8 քիլոմեթրի:

Ստեղծուած իրավիճակին պատճառով փակուած է երկրի մայրաքաղաքին միջազգային օդակայանը: Երկրի իշխանութիւնները վտանգի գօտիին մօտ գտնուող տարածքներուն մէջ յայտարարած են վտանգի կարմիր մակարդակ:

Մայրաքաղաք Կուաթեմալա Սիթիի մէջ յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2018, 09:04