Որոնել

Նախագահներ  Սարգսեան - Սահակեան Նախագահներ Սարգսեան - Սահակեան 

Արմէն Սարգսեան «Մենք բոլորս` ազգովին կանգնած ենք Արցախի մէջքին»

Բակօ Սահակեան 13 յունիսին Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 13 յունիսին Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցած է  Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ, որ առաջին անգամն ըլլալով Արցախ կ՛այցելէր:

Քննարկուած են Հայաստան-Արցախ փոխգործակցութեան առնչուող զանազան հարցեր:

Հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի նախագահը ըսած է. «Ուրախութեամբ պէտք է նշեմ, որ Արցախը իսկապէս կայացած պետական միաւոր է, որ ունի ժողովրդավարական կառոյցներ, ընտրուած ե՛ւ խորհրդարան, ե՛ւ նախագահ, ինչպէս նաեւ մարդիկ, որոնք ոչ միայն հպարտ են որպէս արցախցի, այլ նաեւ հպարտ են, որովհետեւ պետութիւն ունին: Ես վստահ եմ, որ Արցախի ժողովրդավարական ձեւով ընտրուած ղեկավարները` ժողովուրդին հետ միասին ունին ե՛ւ կեանքի փորձառութիւն, ե՛ւ հպարտութիւն, ե՛ւ համարձակութիւն, եւ, վստահաբար, իմաստութիւն` իրենց ներքին խնդիրները ինքնուրոյն լուծելու համար: Մենք բոլորս` Հայաստանը եւ մեր ամբողջ ժողովուրդը ազգովին կանգնած ենք Արցախի մէջքին, քանի որ մարտահրաւէրները չեն աւարտած: Անոնք նոյնքան մեծ են, թերեւս այսօր աւելի մեծ, քան երէկ: Հետեւաբար, Արցախի կայունութիւնը բոլորիս համար շատ կարեւոր է»:

Այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի ու Արցախի նախագահները, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի եւ Արցախի Ազատամարտիկներու միութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեանի ընկերակցութեամբ, այցելած են նաեւ Արցախի ազատամարտիկներու զբօսայգի եւ ծանօթացած շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին:

Ստեփանակերտ հասնելէ առաջ Արմէն Սարգսեան այցելած է Դադիվանք: Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի ընկերակցութեամբ ան շրջագայած է հնագոյն վանական համալիրին մէջ, այնուհետեւ զրուցած զբօսաշրջիկներուն եւ այցելուներուն հետ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2018, 08:50