Որոնել

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ըն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ըն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը  

Հիւսիսային Քորէա-Միացեալ Նահանգներ պատմական վեհաժողով

Երկու ղեկավարները արդէն երկու օրէ ի վեր կը գտնուին Սինկափուր:

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ըն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը հրաւիրած է Փիոնկիանկ` Սինկափուրի մէջ այսօր տեղի ունենալիք վեհաժողովի երկրորդ փուլը կատարելու համար:
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս լուրը փոխանցած է հարաւային քորէական «Չունան Իլպօ» լրատուամիջոցը` յղում կատարելով լաւատեղեակ աղբիւրներու:
Հրաւէրը եղած է այն նամակին մէջ, զոր Հիւսիսային Քորէայի Աշխատաւորական կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի փոխնախագահ Քիմ Եոն Չհոլը յունիս մէկին փոխանցած է Թրամփի:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ Հիւսիսային Քորէան ու Միացեալ Նահանգները պատրաստ են բանակցութիւնները շարունակել բարձրագոյն մակարդակով:
Չի բացառուիր, որ Սինկափուրի եւ Փիոնկիանկի մէջ բանակցային հոլովոյթի բարեյաջող կայացման պարագային հանդիպումները սեպտեմբերին շարունակուին Ուաշինկթընի մէջ:
«Չունան Իլպօ» կը գրէ, թէ այսօր Սինկափուրի մէջ կայանալիք հանդիպումի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին, հիւսիսային քորէական կողմը Ուաշինկթընէն պահանջած է դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում եւ պատժամիջոցներու ջնջում:
Քորէայի կեդրոնական լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Հիւսիսային Քորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները այսօր պիտի քննարկեն երկու երկիրներու համար հրատապ հարցեր, որոնք կը վերաբերին իրենց միջեւ նոր յարաբերութիւններու ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ Քորէական թերակղզիի վրայ կայուն ու մնայուն խաղաղութեան հաստատման եւ Քորէական թերակղզին հիւլէական զէնքերէ զերծ կացուցելու հոլովոյթի իրականացման:
Թրամփ-Ըն պատմական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, ժամը 9:00-ին, Սինկափուրի «Քափելլա» պանդոկին մէջ, որ կը գտնուի Սենաթոսա կղզիին վրայ:
Երկու ղեկավարները արդէն երկու օրէ ի վեր կը գտնուին Սինկափուր:
Միւս կողմէ, Սինկափուրի արտաքին գործոց նախարար Վիվիան Պալաքրիշնան երէկ հանդիպում ունեցած է հիւսիսային քորէացի իր պաշտօնակից Լի Եոն Հոյի հետ:
Նշենք, որ Թրամփ երէկ յայտնեց, թէ վստահ է, որ Ընի հետ հանդիպումը «լաւ պիտի անցնի»:
 

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2018, 13:13