ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես  

Անթոնիօ Կութիերես Կոչ Կ՛ուղղէ Քրիստոնեաներուն Իրաք Եւ Սուրիա Վեր

Քրիստոնէութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մշակոյթին անքակտելի մէկ մասն է

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յայտարարած է, թէ քրիստոնէութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մշակոյթին անքակտելի մէկ մասն է, ուստի պէտք է ապահովել քրիստոնեաներուն Իրաք եւ Սուրիա վերադարձը: Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի, ան այս յայտարարութիւնը կատարած էր Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
«Ես խորապէս համոզուած եմ, որ հազիւ Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կայուն դառնայ եւ քաղաքական լուծում մը գտնուի առկայ հարցերուն, պէտք է անմիջապէս ապահովել յատկապէս քրիստոնեաներուն եւ ընդհանրապէս կրօնական տարբեր փոքրամասնութիւններուն իրենց երկիրներ վերադարձը: Շատ կարեւոր է, որ քրիստոնեաները վերադառնան Միջին Արեւելք, այս հարցը շատ կը մտահոգէ զիս», ըսած է Անթոնիօ Կութիերես:
Ան դիտել տուած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները կարեւոր ներկայութիւն եւ դերակատարութիւն ունին, անոնք հոն ապրած են իսլամութեան յայտնուելէն շատ առաջ եւ մէկ անքակտելի մասն են շրջանի ինքնութեան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2018, 08:00