Ֆուեկօ հրաբուխը Ֆուեկօ հրաբուխը 

Կուաթեմալայի մէջ Ֆուեկօ հրաբուխի ժայթքումէն ետք անյայտ կորսուած են 200 անձեր

Ֆուեկօ հրաբուխը արթնցած էր 3 յունիսին, մեծ քանակութեամբ լաւա եւ մոխիր նետած էր 10 քիլոմեթր բարձրութեան վրայ

Կուաթեմալայի մէջ Ֆուեկօ հրաբուխին ժայթքումէն ետք անյայտ կորսուած մարդոց թիւը հասած է շուրջ 200-ի: Այս մասին կը հաղորդէ «Լենթա» կայքը` յղում կատարելով Կուաթեմալայի Բնական աղէտներու հետեւանքներու նուազեցման ազգային ծառայութեան ղեկավարի յայտարարութեան:

Կը հաղորդուի, որ զոհերուն թիւը հասած է 75-ի, կարելի եղած է յստակացնել զոհերէն միայն 23-ին ինքնութիւնը: Մահացած 7 երեխայի ինքնութիւնը բացայայտելու համար անոնց մարմիններուն մնացորդները պիտի ուղարկուին Միացեալ Նահանգներ` ծիներու փորձաքննութեան:

Իշխանութիւնները զգուշացուցած են հրաբուխի կրկնակի ժայթքումի հաւանականութեան մասին, հրաբուխին մօտ գտնուող գիւղերու բնակիչներուն խորհուրդ տրուած է լքել տարածքը:

Յիշեցնենք, որ Ֆուեկօ հրաբուխը արթնցած էր 3 յունիսին, մեծ քանակութեամբ լաւա եւ մոխիր նետած էր 10 քիլոմեթր բարձրութեան վրայ: Լաւայի երկարութիւնը 8 քիլոմեթր էր: Մահացածներէն շատերը ժայթքումի պահուն փախչելու եւ ապաստան փնտռելու փոխարէն շարժած են հրաբուխին կողմը` փորձելով դիտել հազուագիւտ երեւոյթը։

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2018, 08:30