«Կրօնը Եւ Կենսոլորտը»  համագումարի մասնակիցները «Կրօնը Եւ Կենսոլորտը» համագումարի մասնակիցները 

«Կրօնը Եւ Կենսոլորտը» խորագրեալ համագումարը աւարտեց իր եռօրեայ աշխատանքները:

Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ կենսոլորտին վերաբերեալ նիւթերը այժմէական են եւ անկարելի է եզրափակութեան հասնիլ այդ ուղղութեամբ

Ուրբաթ, 29 յունիս 2018-ին, «Կրօնը եւ կենսոլորտը» նիւթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի մշակոյթի եւ միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին 8-րդ երկխօսութիւնը հասաւ իր աւարտին: Փակման նիստին հանդէս եկան Արամ Ա. կաթողիկոս, վերոնշեալ կազմակերպութեան նախագահ դոկտ. Ապուզար Իպրահիմի Թիւրքմեն եւ Իրանի միջկրօնական երկխօսութեան կեդրոնի նախագահ դոկտ. Մոհամետ Մահտի Թասխիրի: Փակման հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցաւ նաեւ Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան միջեւ հանդիպում-ժողով մը:

Փակման նիստի իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ կենսոլորտին վերաբերեալ նիւթերը այժմէական են եւ անկարելի է եզրափակութեան հասնիլ այդ ուղղութեամբ: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ երեք օրերու վրայ երկարող երկխօսութեան ընթացքին քրիստոնեայ ու իսլամ կրօններուն տեսակէտները պարզուեցան եւ երեւան եկան երկուքին միջեւ բազմաթիւ հասարակ գիծեր ու որոշ տարբերութիւններ. հետեւաբար, պէտք է ըսել, որ երկու կրօններն ալ նոյն ուղղութեամբ կ՛ուղղուին այս նիւթին առնչութեամբ: Իր կարգին, Իպրահիմի խօսք առնելով ընդգծեց, որ մարդ արարածը սովորութեան վերածած է կենսոլորտին վնաս հասցնելը, մինչ կենսոլորտին բարեկամները կը նկատուին զարտուղիներ: Ան յայտնեց, որ Աստուած ո՛չ միայն մարդ արարածին, այլեւ բնութեան բոլոր էակներուն Աստուածն է, եւ ասիկա ի մտի ունենալով պէտք է ապրիլ: Վերջապէս, դոկտ. Թասխիրի ընդգծեց, որ այնքան ատեն որ մարդ արարածը կենսոլորտին հետ իր յարաբերութիւնը չի հունաւորեր Աստուծոյ ներկայութեամբ, հոն կը բացակային բարոյագիտական արժէքները, եւ մարդը կը թերանայ կենսոլորտին նկատմամբ իր պարտաւորութիւններուն մէջ:

Փակման նիստի աւարտին ժողովականները ներկայացուցին իրենց գործնական առաջարկները, եւ տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում:

Օրուան երկրորդ բաժինով ժողովականներուն միացան Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին Գործադիր վարչութեան անդամները:

Այս հանդիպումին բարի գալուստի խօսք արտասանեց վեհափառ հայրապետը եւ լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքներուն համատեղ գոյակցութեան յատկանիշները: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան նուազումը ո՛չ միայն քրիստոնեայ ընտանիքներուն, այլ նաեւ իսլամ եղբայրներուն մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ, եւ այս հարցին առաջքը առնելու համար բոլոր կողմերը պէտք է համախմբեն իրենց ուժերը:

Նիստին խօսք առին նաեւ նոր միացած հիւրերը, որոնք հիմնականօրէն խօսեցան շրջանին մէջ տեղի ունեցող բռնութիւններուն եւ երկխօսութեան ճամբով նոյն լեզուով խօսելու անհրաժեշտութեան մասին:

«Կրօնը եւ կենսոլորտը» Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի մշակոյթի եւ միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին 8-րդ երկխօսութիւնը հասաւ իր աւարտին վեհափառ հայրապետին եզրափակիչ խօսքով, ուր նշեց, թէ երկխօսութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները` դիմելով գործնական քայլերու, որոնք բխեցան եռօրեայ ժողովէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2018, 09:36