Որոնել

Հայկական դրօշն ու ծիծեռնակաբերդը Հայկական դրօշն ու ծիծեռնակաբերդը 

Քայլ դէպի Տուն». Սփիւռքի Նախարարութիւնը կ՛ազդարարէ նոր ծրագիրի մեկնարկը

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի իրականացնէ «Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրը

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, օգոստոս 10-24 ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը 13-21 տարեկան սփիւռքահայ երեխաներու եւ երիտասարդներու համար պիտի իրականացնէ «Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս կ՛իրականացուին հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացներ եւ կը կազմակերպուին ճանաչողական այցելութիւններ Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր:

Մասնակիցներու գիշերակացը կ՛ապահովուի հիւրընկալ ընտանիքներու մօտ, վերջին չորս օրը` ճամբարի մէջ:

Մասնակցութեան յայտերու ընդունման վերջնաժամկէտը յունիս 30-նն է:

Յայտադիմումները լրացնելու համար կրնաք այցելել այստեղ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2018, 08:00