Որոնել

Հալէպ Մխիթարեան դպրոց Հալէպ Մխիթարեան դպրոց 

Մխիթարեան վարժարանի ամավերջի աշակերտական հանդէս

Պատերազմական ճգնաժամային տարիներուն Մխիթարեան Վարժարանն ալ դիմագրաւեց զանազան դժուարութիւններ, բայց հաւատարմօրէն գոյատեւեց։

Հալէպի Մխիթարեան վարժարանն իր հիմնադրման օրէն իսկ հաւատարիմ մնաց Մխիթար Սեբաստացիի սկզբունքային առաքելութեան, հայ ժողովուրդին ծառայելու կոչումին, նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ կրթութեան առաջնային պարտաւորութիւն ստանձնելով, առ այսօր կը շարունակէ իր նուիրական ընթացքը հալէպահայութեան հրամցնելով խումբ մը խոստումնալից պատանիներ ‚ որոնք նեցուկ պիտի դառնան հայ համայնքին։ Եւ ո~վ գիտէ… ապագային անոնցմէ շատերն ալ հայ ազգի պանծալի դէմքեր կրնան ըլլալ…։
Պատերազմական ճգնաժամային տարիներուն Մխիթարեան Վարժարանն ալ դիմագրաւեց զանազան դժուարութիւններ, բայց հաւատարմօրէն գոյատեւեց։ Այս օրը երաշխիք է իր յաղթական երթին, եւ փայլուն ցուցանիշ մը` 2017-2018 տարեշրջանի ամավերջի հանդիսութիւնը‚ որ տեղի ունեցաւ 2 Յունիսի 2018_ին,երեկոյեան ժամը 8։00_ին, Մխիթարեանի դալարագեղ պարտէզին մէջ‚հովանաւորութեամբ Վարժարանիս Տեսուչ` Հ.Համազաապ Վրդ. Քէշիշեանին եւ խնամակալութեան, կազմակերպութեամբ վարժարանիս հաւատարիմ ուսուցչաց կազմին։ Հանդէսը նուիրուած էր Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադրութեան 300_ ամեակին եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան 100-ամեակին։ Յայտագիրը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը։Ետքը Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով եւ Մխիթարեան Միաբանութեան առաքելութեան ներածականով սկիզբ առաւ գեղարուեստական յայտագիրը։ Գնահատանքի ջերմ արտայայտութեան արժանացան Առաջինէն վեցերորդ կարգերու աշակերտական երգչախումբը, ներկայացնելով փունջ մը հայերէն ու արաբերէն երգեր, ինչպէս` ” Երեւան Էրեբունի”, ” Իմ հեռաւոր Հայրենիք”, “Հայկական բանակ”, ” راياتك بالعالي يا سورية ” եւ ” مبروك نصرك يا حلب”. Մխիթար Սեբաստացիի կեանքն ու գործունէութիւնը հակիրճ կերպով ներկայացուցին Ե.կարգի աշակերտները եւ զայն եզրափակեցին Հ. Եփրեմ Տէր Ղազարեանի “Ձօն Մխիթարի” բանաստեղծութեամբ։
Ծնողներն ու ներկաները յուզումի ու խանդավառութեան պահեր ապրեցան‚ երբ բեմ բարձրացան վարժարանիս մանկապարտէզի փոքրիկները, իրենց ինքնատիպ արտայայտութեամբ ու շարժումներով յաջորդաբար ներկայացուցին հայերէն ու արաբերէն հայրենասիրական երգեր, պարեր ու ոտանաւորներ։ Նախակրթարանէն եւ միջնակարգէն խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին արաբական աշխարհին հանրածանօթ բանաստեղծ` Նիզար Գապպանիի ու Ալախթալ Ալ Սաղիրի Հալէպի ձօնուած բամաստեղծութիւններէն հատուածներ, որուն յաջորդեց արաբական պարը։ Հանդիսատեսին ոգեւորութիւնը զգալի էր, երբ մատղաշ սերունդի շրթներէն հպարտութեամբ ու ինքնավստահ արտայայտութեամբ արտասանուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 100 ամեակի նուիրուած խորհրդածութիւնը։ Երկլեզու ներկայացուեցաւ, Հայրենի Դրօշին, զինանշանին եւ քաղաքամայր Երեւանին նուիրուած ասոյթներ։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ Արա Գէորգեանի “Սարդարապատ” երաժշտութեան հայկական խմբային պարով, ուր ծնողներուն ծափողջոյնները մեծ ոգեւորութիւն ցուցաբերեց։ Զ.կարգի աշակերտներու շրթներէն բոցավառեցին հայ գրականութեան գոհարներէն՝ Ե. Չարենցի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի» ստեղծագործութիւնը, որոնց յաջորդեց Է.կարգէն չորս ուսանողներու ցնցիչ, անթերի եւ տպաւորիչ արտասանուած Ուիլիամ Սարոյեանի “Հայն ու Հայը”, հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։
Գեղարուեստական բաժինը վերջ գտաւ Զ.կարգի աշակերտներուն ներկայացուցած Աշխարհահռչակ երգիչ` Շարլ Ազնաւուրի” Քեզ Համար Հայաստան” երգով, ֆրանսերէն տարբերակով։ Սովորութեան համաձայն հանդէսի աւարտին հայերէն լեզուի առաջնակարգ աշակերտները գնահատուեցան հայկական գնահատագիրով։ Նախքան Մանկապարտէզի վկայականց բաշխումը բեմ հրաւիրուեցաւ Վարժարանիս Տեսուչը` Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեանը, փոխանցելով օրուան պատգամը ըսաւ. Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, որ մեզի առիթը ընծայեց եւ բարենպաստ օդ տուաւ, որպէսզի յետ տարիներու պատերազմէ եւ արհավիրքէ ետք կրցանք դպրոցական ամավերջի հանդէսը ներկայացնել, կոկիկ, բայց գեղեցիկ ու խորիմաստ։ Շնորհիւ ուսուցիչ_ ուսուցիչներու տքնաջան աշխատանքին ու նախանձախնդրութեան, որոնց կ՚երթան իմ երախտագիտութիւնս ու շնորհակալութիւնս, ինչպէս նաեւ գնահատանքս դպրոցի փոքրիկ ու պատանի աշակերտներուն, որոնք խանդավառութեամբ սորվեցան եւ կատարեցին իրենց բաժինը, ինչպէս նաեւ ծնողքներուն որոնք աջակցեցան մեզի։ Ինչ բարեպատեհ առիթ է մեր հանդէսի ընթացքին յիշատակել Մխիթարեան Միաբանութեան Ս. Ղազար հաստատման 300 ամեակը, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացման 100 ամեակը ու անոնցմէ խանդ ու եռանդ ստանալ ապրելու ու գործելու հաւատքի եւ հայրենիքի զաւակներուն համար։
Մխիթարեան վարժարանը Հալէպի մէջ 82 տարիէ ի վեր գործած ու ծառայած է Հալեպահայութեան, գիտութիւն ու լոյս ջամբած է հայ մանուկին ու պատանիին, ու պիտի շարունակէ բարձրորակ ուսում եւ կրթութիւն ապահովել, հայկական շունչ, ինչպէս նաեւ մարդկային, քրիստոնէական եւ հայրենաւանդ արժէքներու փոխանցում։ Երկու տարի առաջ չկրցանք 80 ամեակը տօնել, տայ Աստուած, որ կարենանք վարժարանիս 85 ամեակն ու 100 ամեակը յիշատակել ու լաւագոյնը ընել վարժարանիս բարեկարգումին համար, որովհետեւ Հալէպն ու հալէպահայութիւնը միայն լաւագոյնին արժանի են։ Խօսքը աւարտելէ ետք, որպէս երախտագիտութիւն երկար տարիներու իր ծառայութեան որպէս գնահատանք, Տիկ. Նիրի Խռիկեան-Թադէոսեանին պարգեւատրեց արծաթեայ յուշանուէրով։ Հանդէսը իր լրումին հասաւ, Մանկապարտէզի փոքրիկներուն վկայականաց բաշխումով եւ Տեսուչ հօր Պահպանիչով։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2018, 13:04