Նոր հրատարակութիւն Նոր հրատարակութիւն  

Նոր հրատարակութիւն` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին։

Երկհատորեակը հրատարակուած է Մայր Աթոռի միաբան Տ. Փառեն արքեպիսկոպոս Աւետիքեանի մեկենասութեամբ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Հրատարակչական բաժինը մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակի առթիւ լոյս ընծայած է «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը առաջին աշխարհամարտի եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան տարիներուն (1914-1920թթ.)» նիւթերու երկհատոր ժողովածուն:
Առաջին հատորին մէջ ներառուած 393 փաստաթուղթերը կը ներկայացնեն 1914 թուականէն` Առաջին աշխարհամարտի սկիզբէն մինչեւ 1917 թուականի Փետրուարի իրադարձութիւնները: Հրատարակուած փաստաթուղթերը կը պահուին Հայաստանի ազգային արխիւին մէջ:
Երկրորդ հատորին մէջ ընդգրկուած 456 փաստաթուղթերը կ՛առնչուին 1917 թուականի Մարտէն մինչեւ 1920 թուականի վերջը տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն:
Անոնք կը ներկայացնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, Գէորգ Է․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ առանձին հոգեւորականներու դերն ու գործունէութիւնը եւ Մայր Աթոռի ու Հայաստանի կառավարութեան փոխյարաբերութիւնները:
Գրեթէ բոլոր փաստաթուղթերը կը հրատարակուին առաջին անգամ, բնագրի լեզուով` մասնակի ուղղագրական ու կէտադրական շտկումներով:
Երկհատորեակը հրատարակուած է Մայր Աթոռի միաբան Տ. Փառեն արքեպիսկոպոս Աւետիքեանի մեկենասութեամբ` ի յիշատակ եղբօր` Աստուածատուր Աւետիքեանի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2018, 10:30