Որոնել

Երուսաղէմի «Թաղման» Եկեղեցի Երուսաղէմի «Թաղման» Եկեղեցի 

Երուսաղէմի Հայ Համայնքը կ՝ապրի իր բնականոն կեանքով։

Դէպքերը տեղի կ՝ունենան Կազայի մէջ, անիկա բաւական հեռու է Երուսաղէմէն, առաւել եւս՝ հայկական թաղամասէն

Երուսաղէմի մէջ իրավիճակը հանգիստ է, հայ համայնքը կ՝ապրի իր բնականոն կեանքով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշած է երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեան:
«Դէպքերը տեղի կ՝ունենան Կազայի մէջ, անիկա բաւական հեռու է Երուսաղէմէն, առաւել եւս՝ հայկական թաղամասէն: Այս պահուն, կրնամ ըսել, որ հայկական թաղամասին մէջ կ՝ապրինք մեր առօրեայ բնական կեանքով, խաղաղ է, հանգիստ է, ոչ մէկ խնդիր ունինք: Շաբթուան հետ կապուած մեր բոլոր ծրագիրները կ՝իրականացնենք: Անշուշտ, մտահոգ ենք, որ նման բռնութիւն եղած է»,- ըսած է Յովնան Պաղտասարեան:
Անդրադառնալով հայ համայնքին վրայ զարգացումներու հնարաւոր ազդեցութեան՝ Յովնան Պաղտասարեան նշած է, որ ազդեցութիւնը կրնայ ընդհանուր հասարակութեան վրայ ըլլալ, ո՛չ թէ առանձին հայ համայնքին:
«Կրնան այս ամբողջ իրադարձութիւնները ազդել հայ առեւտրականներու, առհասարակ գործարարութեան վրայ, որ տրամաբանական է, որովհետեւ հայ առեւտրականերն ալ ընդհանուր հասարակութեան մէկ մասն են»,- ըսած է ան:
Թէ Կազայի բախումները ինչ զարգացումներ կրնան ունենալ, ըստ Յովնան Պաղտասարեանի, դժուար է ըսել: Ատիկա կախուած է այն բանէն, թէ իսրայէլական ոստիկանութիւնը իրադարձութիւնները ինչպէ՞ս պիտի պահէ վերահսկողութեան տակ:
«Այն, ինչ տեղի է կ՝ունենայ, այս պահուն դեռ միայն Կազայի մէջ է, արեւելեան ափին ալ որոշ բախումնէր եղած են: Թէ այս զարգացումները ինչ ընթացք պիտի ունենան, արդեօք պիտի կարենա՞ն իսրայէլական զինուորական ուժերը այս ամէնը հսկողութեան տակ պահել, դժուար է ըսել: Այս պահուն դեռ իրավիճակը վերահսկելի է: Անշուշտ, բռնութիւնները, զոհերը կը մտահոգեն թէ՛ միջազգային հանրութիւնը, թէ՛ տեղի հասարակութիւնը»,- աւելցուցած է ան:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2018, 12:41