Մայիս ամիսը Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած ամիս Մայիս ամիսը Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած ամիս 

Մայիս ամիսը Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած ամիս։

Աղօթք առ ցաւագին Տիրամայր

Ո՜վ ցաւագին Տիրամայր, ահա քու առջեւդ կը խոնարհիմ իբր խեղճ մեղաւոր: Ընդունէ՛ աղօթքներս եւ արցունքներս: 
Ողջոյն քեզ Մարիամ...
Ո՜վ ցաւագին Մարիամ, բարեխօսէ՛ ինծի համար, որ քեզի կը դիմեմ: Ո՜վ ցաւագին Տիրամայր, հոգիս յուսահատ է եւ կարիքներու բեռին տակ կքած: Զօրացո՛ւր եւ մխիթարէ` զիս զաւակդ: Կը սիրեմ քեզ եւ կը պաղատիմ քեզի: 
Ողջոյն Քեզ Մարիամ... 
Ո՜վ ցաւագին Մարիամ, բարեխօսէ՛ ինծի համար, որ քեզի կը դիմեմ: Ո՜վ ցաւագին Տիրամայր, սրտիս մէջ կը ծագի յոյսը՝ թէ զիս պիտի լսես անպայման: Այս է շնորհքը (...) որ կ'ակնկալեմ քեզմէ եւ ամբողջ սիրտս կը նուիրեմ քեզի: 
Ողջոյն Քեզ Մարիամ... 
Ո՜վ ցաւագին Մարիամ, բարեխօսէ՛ ինծի համար, որ քեզի կը դիմեմ: Ամէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2018, 09:39