Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը  

Պշարա Ռայի Պատրիարքին կոչը Լիբանանի քաղաքական բոլոր ուժերուն:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց լիբանանեան խորհրդարանի նոր կազմը ու պատասխանատութեան կոչ ուղղեց անոնց

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց լիբանանեան խորհրդարանի նոր կազմը` մաղթելով, որ նորընտիր երեսփոխանները երկրին եւ ժողովուրդին նկատմամբ իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնեն:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական բոլոր ուժերուն` գործակցութեան նոր էջ մը բանալու, նպատակ ունենալով Լիբանանի փրկութիւնը:
Ռայի պատրիարքը դրուատեց նաեւ ապահովական պաշտօնական կառոյցներուն ջանքերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ հանդարտ ու խաղաղ մթնոլորտի մէջ կայացնել երեսփոխանական ընտրութիւնները` հիմնուելով համամասնական ընտրական օրէնքին վրայ:

Քաղուած Ազդակէն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2018, 12:01