Կեսարիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին Կեսարիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին  

Կեսարիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին գրադարանի պիտի վերածուի:

Եկեղեցին նախապէս ծառայած է իբրեւ ոստիկանական բաժին ու մարզասրահ

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական մամուլը կը գրէ, որ Կեսարիոյ Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցին գրադարանի պիտի վերածուի։ Կեսարիոյ քաղաքապետարանը արդէն սկսած է եկեղեցւոյ վերանորոգութեան-վերականգնումի աշխատանքներուն։ Եկեղեցին նախապէս ծառայած է իբրեւ ոստիկանական բաժին ու մարզասրահ։

Մամուլը կը հաւաստիացնէ, որ եկեղեցւոյ պատերուն վրայ գոյութիւն ունեցող զարդաքանդակները, որմանկարներն ու գրութիւնները, որոնք նախապէս ծածկուած էին, այժմ յատուկ մանրակրկիտ ջանքերով կը մաքրուին։

Յիշեցնենք, որ նախապէս եկեղեցին իրենց յանձնելու խնդրանքով իշխանութեանց դիմած էր Կեսարիոյ բողոքական համայնքը, հոն իրենց կրօնական արարողութիւնները իրականացնելու համար, նկատի ունենալով, որ համայնքը աղօթատեղի չունի: Սակայն, այդ դիմումը մերժուած էր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2018, 08:15