Որոնել

Կարդինալ Ռայի Կարդինալ Ռայի 

Ռայի Պատրիարքի կոչը քաղաքական բոլոր ուժերուն` դիւրացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Կոչ կ՛ուղղեմ երեսփոխանական պլոքներուն դիւրացնելու կառավարութեան կազմութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք նախագահ Աունին այցելած է` երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման առիթով զայն շնորհաւորելու համար: Ան մեծապէս գնահատեց Լիբանանի նորընտիր խորհրդարանին մէջ նոր դէմքեր ունենալու իրականութիւնը:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներուն, այլ խօսքով` քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն` դիւրացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի բարեկարգումներու:

«Պէտք է կազմել նոր կառավարութիւնը, որպէսզի ան կարենայ դէմ դնել բոլոր մարտահրաւէրներուն, որոնք կը գործեն ի խնդիր հայրենիքի ծառայութեան», ըսաւ ան: Ան կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն միասնաբար գործելու` կարենալ տապալելու համար փտածութիւնը:

Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ նախարարաց խորհուրդը ըլլայ ազգային միասնականութեան խորհուրդ մը, որ ունենայ արտակարգ կազմ` դիմագրաւելու համար Լիբանանի դէմ ծառացող բազում մարտահրաւէրները:

«Կոչ կ՛ուղղեմ երեսփոխանական պլոքներուն դիւրացնելու կառավարութեան կազմութիւնը, որովհետեւ հանրութեան շահերը որեւէ այլ շահէ առաջ են», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ բրիտանական զինուորական պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական, ապահովական եւ ընկերային մարտահրաւէրները:

Շորթըր նշեց, որ անգլիացի բարձրաստիճան զինուորականներու պատուիրակութեան Լիբանան այցելութիւնը կը փաստէ Լիբանանի ներկայացուցած ռազմավարական կարեւորութիւնը` շրջանային կայունութիւնն ու անդորրը պահպանելու իմաստով:

Նշենք, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ եւս այցելեց նախագահ Աունի, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները ու կրթութեան մարզին դիմագրաւած հարցերը:

Քաղուած «Ազդակ»-էն

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2018, 09:57