Որոնել

Մեսրոպեան Վարժարան Մեսրոպեան Վարժարան 

Մեսրոպեանի աշակերտութիւնը նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց Հայաստանի Ա. հանրապետութեան հռչակման տօնը:

Երեքշաբթի, 29 Մայիս 2018-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց Հայաստանի Ա. հանրապետութեան հռչակման տօնը` յարգանքի տուրք մատուցելով անկախութեան համար նահատակուած հերոսներուն եւ վերահաստատելով հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն նուիրումը` Հայաստանին:

Հայաստանի օրհներգով բացուած հանդիսութեան աշակերտներու կողմէ խօսք առաւ 11-րդ դասարանի աշակերտ Աւօ Ապագլեան: Ան դիտել տուաւ, որ այս տարուան Մայիս 28-ը կը կրէ տարբեր բնոյթ, որովհետեւ 2018-ը 100-ամեակն է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան, որ «հայ ժողովուրդը կը հանէր վեց հարիւր տարուան ստրկութենէն, կը վերականգնէր անոր արժանապատուութիւնը, զայն կը դարձնէր ինքնիշխան եւ կ’ապահովէր անոր գոյատեւումը հայրենի հողին վրայ»։ «Հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներէն կ’ակնկալուի ըլլալ միակամ եւ հայրենասիրութեամբ ու նուիրումով քալել մեր հերոսներու եւ նահատակներու բացած անշեղ ուղիէն հասնելու մեր գերագոյն նպատակին ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին»-, եզրափակեց Մեսրոպեանի աշակերտը:

Գեղարուեստական մասով, Մեսրոպեանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը կատարեց «Հայեր Միացէք» երգը, Սինթիա Նազլիքեան ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի “Ես Զաւակն Եմ Հայաստանի” քերթուածը եւ Ալեքս Լեւոնեան կիթառի վրայ նուագեց «Անդրանիկ» կտորը:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Տնօրէնը ըսաւ, որ 1918-էն 1920` Հայաստանի անկախութիւնը թէեւ կարճատեւ կեանք ունեցաւ, սակայն հիմք հանդիսացաւ մեր այժմու հանրապետութեան եւ Արցախի ազատագրութեան, որոնք կռուաններ կը հանդիսանան հայ ժողովուրդի անկատար մնացած տենչերու իրականացումին: Պարոն տնօրէնը կոչ ուղղեց աշակերտներուն իրենք իրենց ճանչնալ Սարդարապատէն եւ այդ ոգիով միշտ պատրաստ ըլլալ ծառայելու հայրենիքին` նպաստելու համար անոր վերելքին եւ հզօրացումին:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Մեսրոպեանի երգչախումբին հնչեցուցած «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2018, 08:51