Մեսրոպեան Վարժարան Մեսրոպեան Վարժարան 

Մեսրոպեան. երկու առաջնութիւն` “ճիշդ հնչենք” մրցումին:

«Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական փուլն ու մրցանակաբաշխութիւն:

12 Մայիս 2018-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ «Վանայ Ձայն»-էն ուղղակի ձայնասփռումով տեղի ունեցաւ 8 տարեկան դարձած «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական փուլն ու մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան:
Այս տարի «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 17 հայկական վարժարաններէ 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու 45 աշակերտներ:
Մրցումին Մեսրոպեանը արձանագրեց պատուաբեր արդիւքներ:
7-րդ եւ 8-րդ դասարաններուն մէջ յաջորդաբար առաջին հանդիսացան Կալի Սահակեան եւ Քրիստին Տէր Յարութիւնեան: Իւրաքանչիւր առաջին հանդիսացող ստացաւ 300 հազար լիբ. ոսկի, իսկ 2-րդ հանդիսացող աշակերտները` 200 հազար լիբ. ոսկի:
Մեր աշակերտները երկուքուկէս ամիսներուն ընթացքին հայկական վարժարաններու աշակերտներուն հետ միասին մրցեցան եւ մասնակցութեան ընդմէջէն սորվեցան նոր բառեր, նոր գիտելիքներ:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2018, 11:23