Քայլարշաւ ՀՀ անկախութեան 100 ամեակի առիթով Քայլարշաւ ՀՀ անկախութեան 100 ամեակի առիթով 

Քայլարշաւ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին

Քայլարշաւ մատենադարանէն մինչև Հանրապետութեան Հրապարակ:

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններու շարքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը բազմամարդ քայլարշաւ մը կազմակերպած էր Մատենադարանէն մինչև Հանրապետութեան Հրապարակ: Բազմամարդ արշաւին կը մասնակցէին ինչպէս Հայաստանի զանազան մարզերէն, այնպէս ալ Սփիւռքի հայկական գաղթօջախներէն եկած բազմաթիւ դաշնակցականներ, կուսակցութեան համակիրներ:
Քայլարշաւի մասնակցիները նախ ուղղուեցան դէպի Ազատութեան հրապարակ, ուր ելոյթներ ունեցան Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները:
«100 տարի առաջ Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի, Սարդարապատի մէջ հայ ժողովուրդին կատարած սխրանքը մեր պատմութեան մէջ նոր էջ բացաւ: Մայիսեան հերոսամարտերը մեր պատմութեան նոր վերածնունդի դարաշրջանի խորհրդանիշը հանդիսացան», իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան։
ՀՅԴ գործիչին համաձայն` դժուար է գերագնահատել անկախ պետականութեան դերն ու նշանակութիւնը ժողովուրդներու` նամաբաւանդ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
«20-րդ դարու ակիզբը աշխարհաքաղաքական բարդ զարգացումներու հետեւանքով հայ ժողովուրդը կանգնած էր ոչ միայն իր ցեղային-քաղաքական, մշակութային ինքնութիււնը կորսնցնելու, այլև` ֆիզիքական ոչնչացման վտանգի առջեւ», ըսաւ ան:

Արսէն Համբարձումեան շեշտեց, որ Մայիսեան հերոսամարտերը մեր ժողովուրդին համար հրաշքի համազօր էին ու շատեր այդ հրաշքին չէին հաւատար: «Շատեր կը համարէին, որ անկախութիւնը անժամանակ ծնունդ է, նոյնիսկ պետութիւն և անկախութիւն բառերը չակերտներու մէջ կը դնէին, բայց ի բարեբախտութիւն մեզ` այդ յոռետեսական կանխատեսումները իրականութիւն չդարձան, որովհետև ՀՅԴ-ի քաղաքական ղեկավարութեամբ և բազմաթիւ նուիրեալ հայորդիներու ջանքերով անկարելին դարձաւ կարելի: Կարճ շրջանի մէջ նորանկախ պետականութիւնը միս ու արիւն ստացաւ, հաստատեցինք պետականաշինութեան ամուր հիմքեր», ըսաւ ան։

Արսէն Համբարձումեանի կարծիքով, եթէ չըլլային այդ հիմքերը, չէին ըլլար նաև միւս երկու հանրապետութիւնները: «Այս սխրանքի հիմքին վրայ մենք հետագայ տարիներուն ընթացքին կրցանք իբրև ազգ, իբրև ժողովուրդ վերահաստատել մեր տեղը այս աշխարհին մէջ», ըսաւ ան։

Ըստ ՀՅԴ գործիչի` իւրաքանչիւր ժողովուրդի համար անկախ պետականութիւնը ինքնակազմակերպման բարձրագոյն աստիճանն է:

«Հայաստանի հզօրացումն ու զարգացումը պէտք է ըլլան համայն հայութեան պատուի խնդիրը, անկախ պետականութիւնը մեր հպարտութիւնն է, և մենք տէր պէտք է կանգնինք այդ հպարտութեան, որովհետև հակառակ պարագային ոչ ոք մեզի հետ հաշուի չի նստիր, ոչ ոք յարգանքով չի վարուիր մեզի հետ: Այս գիտակցութեամբ, առանց զիջումի պիտի շարունակենք զարգանալ», դիտել տուաւ ան:

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններու շարքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը բազմամարդ քայլարշաւ մը կազմակերպած էր Մատենադարանէն մինչև Հանրապետութեան Հրապարակ: Բազմամարդ արշաւին կը մասնակցէին ինչպէս Հայաստանի զանազան մարզերէն, այնպէս ալ Սփիւռքի հայկական գաղթօջախներէն եկած բազմաթիւ դաշնակցականներ, կուսակցութեան համակիրներ, կը հաղորդէ “Երկիր մեդիա”-ն։

Քայլարշաւի մասնակցիները նախ ուղղուեցան դէպի Ազատութեան հրապարակ, ուր ելոյթներ ունեցան Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները:

«100 տարի առաջ Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի, Սարդարապատի մէջ հայ ժողովուրդին կատարած սխրանքը մեր պատմութեան մէջ նոր էջ բացաւ: Մայիսեան հերոսամարտերը մեր պատմութեան նոր վերածնունդի դարաշրջանի խորհրդանիշը հանդիսացան», իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան։
ՀՅԴ գործիչին համաձայն` դժուար է գերագնահատել անկախ պետականութեան դերն ու նշանակութիւնը ժողովուրդներու` նամաբաւանդ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

«20-րդ դարու ակիզբը աշխարհաքաղաքական բարդ զարգացումներու հետեւանքով հայ ժողովուրդը կանգնած էր ոչ միայն իր ցեղային-քաղաքական, մշակութային ինքնութիււնը կորսնցնելու, այլև` ֆիզիքական ոչնչացման վտանգի առջեւ», ըսաւ ան:

Արսէն Համբարձումեան շեշտեց, որ Մայիսեան հերոսամարտերը մեր ժողովուրդին համար հրաշքի համազօր էին ու շատեր այդ հրաշքին չէին հաւատար: «Շատեր կը համարէին, որ անկախութիւնը անժամանակ ծնունդ է, նոյնիսկ պետութիւն և անկախութիւն բառերը չակերտներու մէջ կը դնէին, բայց ի բարեբախտութիւն մեզ` այդ յոռետեսական կանխատեսումները իրականութիւն չդարձան, որովհետև ՀՅԴ-ի քաղաքական ղեկավարութեամբ և բազմաթիւ նուիրեալ հայորդիներու ջանքերով անկարելին դարձաւ կարելի: Կարճ շրջանի մէջ նորանկախ պետականութիւնը միս ու արիւն ստացաւ, հաստատեցինք պետականաշինութեան ամուր հիմքեր», ըսաւ ան։

Արսէն Համբարձումեանի կարծիքով, եթէ չըլլային այդ հիմքերը, չէին ըլլար նաև միւս երկու հանրապետութիւնները: «Այս սխրանքի հիմքին վրայ մենք հետագայ տարիներուն ընթացքին կրցանք իբրև ազգ, իբրև ժողովուրդ վերահաստատել մեր տեղը այս աշխարհին մէջ», ըսաւ ան։

Ըստ ՀՅԴ գործիչի` իւրաքանչիւր ժողովուրդի համար անկախ պետականութիւնը ինքնակազմակերպման բարձրագոյն աստիճանն է:

«Հայաստանի հզօրացումն ու զարգացումը պէտք է ըլլան համայն հայութեան պատուի խնդիրը, անկախ պետականութիւնը մեր հպարտութիւնն է, և մենք տէր պէտք է կանգնինք այդ հպարտութեան, որովհետև հակառակ պարագային ոչ ոք մեզի հետ հաշուի չի նստիր, ոչ ոք յարգանքով չի վարուիր մեզի հետ: Այս գիտակցութեամբ, առանց զիջումի պիտի շարունակենք զարգանալ», դիտել տուաւ ան:
 

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2018, 10:23