Ռաի Պատրիաքը եւ Ֆրանսայի նախագահը Մաքրոն Ռաի Պատրիաքը եւ Ֆրանսայի նախագահը Մաքրոն 

Փարիզի մէջ Մաքրոն ընդունեց Ռայի Պատրիարքը

Քննարկուեցաւ Սուրիոյ պատերազմը կասեցնելու եւ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի մաղթեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կազմուի, որպէսզի Լիբանան կարենայ օգտուիլ միջազգային խորհրդաժողովներուն, յատկապէս «Սետր»-ի խորհրդաժողովին կողմէ իրեն տրամադրուած օժանդակութիւններէն:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Մաքրոնի հետ քննարկած է նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ մէջ ապահով վայրեր կան:

Ռայի պատրիարքը երեքշաբթի, 29 մայիսին՝ երեկոյեան ժամը 7:00-ին նախագահեց պատարագի մը, ինչպէս նաեւ դարձաւ նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարեսի ընթրիքի հիւրը:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ Ֆրանսուա տը Ռոժէի եւ Ծերակոյտի նախագահ Ժեռար Լարշէի հետ:

Ռայի պատրիարքը տը Ռոժէի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով գումարուած միջազգային խորհրդաժողովներուն շրջագիծին մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Սուրիոյ պատերազմը կասեցնելու եւ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:

Լարշէի հետ իր հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կը մնայ բոլորին յոյսը` նկատի ունենալով, որ ան շրջանցած է երկրին մէջ տիրող քաղաքական պայքարն ու լարուածութիւնը` անոր հրամանատարութեան իմաստութեան շնորհիւ: «Բանակը միշտ կը փաստէ, թէ ինք Լիբանանի փրկութեան երաշխիքն է, հետեւաբար պէտք է զօրակցիլ եւ օժանդակել անոր, որպէսզի պահպանէ Լիբանանի պաշտպանութեան իմաստով իր ունենալիք հիմնական դերակատարութիւնը», ըսաւ ան` շնորհակալութիւն յայտնելով Ֆրանսային` «Հռոմ 2» խորհրդաժողովը նախաձեռնելու իմաստով:

Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային` միշտ Լիբանանին նեցուկ կանգնելուն համար, ինչպէս նաեւ շեշտեց լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ Ֆրանսա աշխուժ դերակատարութիւն ունենայ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու առումով` հաստատելով, որ Լիբանանը մնայուն ջատագովը եղած է շրջանին մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութեան հաստատումին:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2018, 08:43