Որոնել

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100 ամեակ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100 ամեակ 

Ցուցահանդէս` նուիրուած Հ Հ հիմնադրութեան 100-րդ յոբելեանին

Մայիս 25-ին Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ կը բացուի «Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը` 100 տարուայ յետահայեաց» խորագիրով ցուցահանդէսը

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-րդ յոբելեանին նուիրուած տօնակատարութեան ձեռնարկներու ծիրէն ներս՝ Մայիս 25-ին Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ պիտի բացուի «Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը` 100 տարուայ յետահայեաց» խորագիրով ցուցահանդէսը: Պիտի ներկայացուին Առաջին Հանրապետութեան խորհրդանիշեր, կարեւոր փաստաթուղթեր, ժամանակի կենցաղը արտացոլող նիւթեր, հագուստի նմուշներ եւ այլն: Ցուցահանդէսը պիտի ուղեկցուի յատուկ լուսային, ձայնային, տեսողական, շնչաւոր  ազդեցութեամբ նախագիծերով:

Տօնակատարութեան ձեռնարկներու ծիրէն ներս Մայիս 28-ին Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր մարզերու կեդրոններուն մէջ տեղի պիտի ունենան տօնական համերգներ:

Համերգները կ՛իրականացուին ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ մարզպետարաններու համագործակցութեամբ: Պիտի մասնակցին ՀՀ մարզերու եւ հանրապետութեան ճանչցուած անհատ կատարողներ եւ երգչախումբեր եւ պարախումբեր: Բոլոր մարզկեդրոններուն մէջ համերգներու մեկնարկը պիտի տրուի միաժամանակ` ժամը 19:00-ին, իսկ ժամը 20:30-ին տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր հրավառութիւն:

Քաղուած «Հայերն Այսօր»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2018, 08:20