Որոնել

Քոլոմպիոյ մէջ ողողումներ Քոլոմպիոյ մէջ ողողումներ 

Քոլոմպիոյ մէջ ողողումներ

Ողողումէն գլխաւորաբար վնասուած են Անթիոքիա շրջանի Փուերթօ-Վալտիվիա գիւղի բնակիչները:

Քոլոմպիոյ Քաուքա գետի յորդելուն պատճառով տեղի ունեցած ողողումէն ետք գետին մօտ բնակող աւելի քան 600 քաղաքացիներ շրջանէն հեռացուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Փորթաֆոլիօ» կայքը:
Կը նախատեսուի, որ գետը պէտք է սնէ երկրին մէջ կառուցուող մեծագոյն ջրելեկտրակայանը` «Իթուանկօ»-ն:
Ըստ քոլոմպիական լրատուամիջոցներուն, ողողումէն գլխաւորաբար վնասուած են Անթիոքիա շրջանի Փուերթօ-Վալտիվիա գիւղի բնակիչները, գետի ջուրերը լեցուցած են շատերու տուները:
Կը նշուի նաեւ, որ զոհեր կամ վիրաւորներ չկան, հասցուած վնասը նիւթական է:
Որոշ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ ջրհեղեղին պատճառով ամբողջովին աւերուած է 19 տուն, ինչպէս նաեւ 2 կրթական եւ մէկ բժշկական կեդրոն, քանի մը կամուրջ:
Չի բացառուիր, որ ողողումներուն պատճառ դարձած են ջրելեկտրակայանի շինարարութեան ընթացքին արձանագրուած խախտումները, որոնց պատճառով կառուցուող ջրելեկտրակայանի փապուղիները կրնան խցուած ըլլալ:
«Իթուանկօ»-ի գործարկումը նախատեսուած է այս տարի:

Քաղուած Ազդակէն
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2018, 09:09