Սրբուհի Հռիփսիմէ տաճար Սրբուհի Հռիփսիմէ տաճար 

Պիտի նշուի Սուրբ Հռիփսիմէ Վանքի հիմնադրութեան 1400-ամեայ յոբելեանը

Ձեռնարկներուն մեկնարկը պիտի տրուի Ս. Հռիփսիմեանց յիշատակութեան օրը, որ այս տարի պիտի տօնախմբուի Մայիս 28-ին:

2018 թուականին կը լրանայ Վաղարշապատի Սուրբ Հռիփսիմէ վանքի հիմնադրման 1400-ամեայ յոբելեանը:
Օրհնութեամբ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, ստեղծուած է յոբելեանական ձեռնարկներու կազմակերպման յատուկ յանձնախումբ` նախագահութեամբ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի:
Ձեռնարկներուն մեկնարկը պիտի տրուի Ս. Հռիփսիմեանց յիշատակութեան օրը, որ այս տարի պիտի տօնախմբուի Մայիս 28-ին:
Տօնին` ժամը 10:00-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն եկեղեցականներու եւ ուխտաւորներու հանդիսաւոր թափօրով Ս. Հռիփսիմէ վանք պիտի տարուին Սուրբ Էջմիածինի մէջ պահուող սուրբ Հռիփսիմէ կոյսի մասունքները:
Նոյն օրը`ժամը 11:00-ին, վանքին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցէ Տ. Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեան, ապա պիտի կատարուի նաեւ Անդաստանի արարողութիւն: Սրբազան մասունքով պիտի օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը եւ ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդը:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2018, 14:28