Բողոքի ցոյցեր Բողոքի ցոյցեր 

Երուսաղէմի մէջ Ամերիկեան դեսպանատան բացման առթիւ Պաղեստինեան բողոքի ցոյցեր։

Գերապյածռա Մարքուցցռ հաստատեց թէ Թրամփին առած որոշումը պատմութեան դէմ որոշում է

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 14 Մայիսին, Միացեալ Նահանգները,  հիմնուելով նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին վրայ, բացումը կատարեցին բռնագրաւեալ Երուսաղէմի մէջ իրենց դեսպանատան։

Դեսպանատան բացման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ «Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն աւելի բարեկամներ չունի»` շնորհակալութիւն յայտնելով Թրամփին` «իր խոստումը կատարելու քաջութեան համար»:

Երուսաղէմի մէջ ամերիկեան դեսպանատան բացման վայրին մէջ տեղի ունեցաւ մեծաթիւ պաղեստինցի գործիչներու, ինչպէս նաեւ Քնեսեթի արաբ երեսփոխաններու ցոյց մը, որուն ընթացքին իսրայէլեան բանակը բռնի ուժ գործադրեց: Իսկ Կազայի արեւելքը ամերիկեան դեսպանատան Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրման դէմ բողոքի «մեծ վերադարձ»-ի երթի ընթացքին արձանագրուեցան տասնեակներով զոհեր եւ հազարաւոր վիրաւորներ:

Ի տես այդ արարքներուն Արաբական Լիկան կոչ ուղղեց դադրեցնելու այդ սպանդը, Մինչ Երուսաղէմի եւ Պաղեստինի մօտ Պատրիարքական փոխանորդ՝ գերապայծառ Ճաչինթօ Պուլոս Մարքուցցօ յայտնեց թէ «այս դէպքը կարող է միայն պատճառել մեծ ցաւ, որովհետեւ այս քայլը դէպի խաղաղութիւն տանող քայլ մը չէ եւ յուսահատութիւն կը յարուցէ, որովհետեւ հաշտութիւնը միշտ աւելի հեռու կը թուի»։

Գերապայծառ Մարքուցցօ ապա հաստատեց թէ «Թրամփին առած որոշումը պատմութեան դէմ որոշում է», արդարութեան ու Երուսաղէմի բնակչութեան դէմ որոշում է։

«Խաղաղութեան գործընթացքը առ այժմ առկախ կը մնայ», ըսաւ Գերապայծառ Մարցուքքօ, ապա նշեց թէ «Երուսաղէմի քրիստոնեայ եկեղեցիները, անգամ մը եւս կը շեշտեն, յառաջիկայ 7 յուլիսին՝ Պարի Քաղաքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին ձեռնարկած Միջին Արեւելքին համար աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրուան կարեւորութիւնը, ու կը վերանորոգեն յանձնառումը՝ որպէս քրիստոնեաներ, տարածելու այն յոյսը թէ խաղաղութիւնը միշտ ալ կարելի է ու թէ բարի կամքով կարելի է հասնիլ հաշտութեան։ «Ասոր համար միջազգային  հասարակութենէն կը խնդրենք որ թիկունք կանգնին հրեաներուն ու պաղեստինցիներուն՝ խաղաղութեան հասնելու իղձին» ըսաւ Երուսաղէմի պատրիարքական փոխանորդը ու հրաւիրեց «Հեռու մնալ գաղափարախօսութիւններէն ու նայիլ իրականութեան» ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2018, 08:35