Միաբանական ընդհանուր ժողով Երուսաղէմի մԷջ Միաբանական ընդհանուր ժողով Երուսաղէմի մԷջ 

Միաբանական ընդհանուր ժողով Երուսաղէմի մԷջ

Երուսաղէմի Պատրիարքարանի Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Աթոռոյս Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 9-րդ նիստը:

1-2 Մայիս, 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Պատրիարքարանի Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Աթոռոյս Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 9-րդ նիստը: Ժողովը բացաւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը, Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքով: Ատեանը բացուեցաւ վերոյիշեալ ժամուն նախագահութեամբ Պատրիարք Սրբազան Հօր, Ս. Աթոռ գտնուող 25 Միաբան եղբայրներէն 24-ի ներկայութեան:

Որպէս օրակարգ ներկայացուած էր

• Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի դիւանի անդամոց ընտրութիւն

• Տնօրէն Ժողովի հինգ դադարեալ անդամներու ընտրութիւն

• Համարատուութիւն Տնօրէն Ժողովի

• Տեղեկատուութիւն Կրօնական Ատեանի

• Հաշուէտուութիւնք

Նախագահ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնելով ներկայ դիւանի գործունէութեան, առժամեայ Ատենապետ նշանակեց Հոգեշնորհ Տ. Ասպետ Վրդ. Պալեանը և առժամեայ Ատենադպիր նշանակեց Հոգեշնորհ Տ. Ներսեհ Աբղ. Ալոյեանը:

Նոր երկու տարուայ շրջանի համար իբր Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Դիւան հետեւեալները ընտրուեցան՝

Տ. Բարսեղ Վրդ. Գալէմտէրեան Ա. Ատենապետ

Տ. Թէոդորոս Վրդ. Զաքարեան Բ. Ատենապետ

Տ. Գէորգ Աբղ. Հայրապետեան Ա. Ատենադպիր

Տ. Աղան Աբղ. Գոգչեան Բ. Ատենադպիր

Առժամեայ Ատենապետ Հոգեշնորհ Տ. Ասպետ Վրդ. Պալեան շնորհաւորելով նորընտիր Դիւանի անդամները, հրաւիրեց Ատենապետ Հոգեշնորհ Տ. Բարսեղ Վրդ. Գալէմտէրեանը վարելու Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Թ. նիստը՝ ատենադպրութեամբ Ա. Ատենադպիր Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Աբղ. Հայրապետեանի եւ Բ. Ատենադպիր Հոգշնորհ Տ. Աղան Աբղ. Գոգչեանի:

Գաղտնի քուէարկութեամբ քուէից բացարձակ մեծամասնութեամբ Տնօրէն Ժողովոյ անդամ ընտրուեցան.

Տ. Համբարձում Վրդ. Քէշիշեան

Տ. Թէոդորոս Վրդ. Զաքարեան

Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Յովհաննիսեան

Տ. Կորիւն Վրդ. Բաղդասարեան

Տ. Ներսեհ Աբղ. Ալոյեան

Միաբանական Ժողովի դիւանը շնորհաւորեց անոնց ընտրութիւնը եւ անցաւ օրակարգի միւս կէտերուն:

Նախ ներկայացուեցաւ Տնօրէն Ժողովի տեղեկատութիւնը, ապա 2016-2017 տարիներու հաշուէտուութիւնը եւ 2018 և 2019 տարիներու նախահաշիւները:

Միաբան Հայրեր բծախնդրօրէն քննարկեցին Տնօրէն Ժողովոյ, Կալուածոց եւ Ելեւմտից Տեսչութեանց տեղեկատուութիւններն ու հաշուէտուութիւնները:

Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը գնահատանքով ընդունեց Տնօրէն Ժողովոյ եւ Ելեւմտից Տեսչութեան տեղեկատուութիւնը և վաւերացուց 2016-2017 տարիներու հաշուէտուութիւնը:

Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը իր աւարտին հասաւ Չորեքշաբթի 2 Մայիս, 2018-ին, երեկոյեան:

Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր Միաբան Հայրերուն եւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Դիւանին, շնորհաւորեց Տնօրէն Ժողովի նորընտիր անդամները եւ յաջողութիւն մաղթեց:

Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 9-րդ նիստը փակուեցաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր աղօթքով:

ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2018, 10:02