Որոնել

Ձեռագիր մատեան Ձեռագիր մատեան 

Հայկական ձեռագիրները` Ուաշինկթընի Աստուածաշունչի թանգարանին մէջ:

Թանգարանի թարգմանութիւններու բաժինը կը պատմէ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հայկական այբուբենի ստեղծման պատմութիւնը

Ուաշինկթընի նորաբաց Աստուածաշունչի թանգարանին մէջ ներկայացուած են հայկական բացառիկ ձեռագիրներ:

Թանգարանին մէջ, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքին մօտ, ներկայացուած է Աստուածաշունչի պատմութիւնը եւ ազդեցութիւնը աշխարհի տարբեր հասարակութիւններու ու մշակոյթներու վրայ:

Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են վաղ քրիստոնէական արուեստի աւելի քան 600 նմուշներ եւ Սուրբ Գիրքի ձեռագիր ու վաղ տպագիր օրինակներ:

Միացեալ նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն կը յայտնեն, որ Աստուածաշունչի թանգարանին մէջ ներկայացուած են վաղ հայկական քրիստոնէական արուեստի  շարք մը ձեռագիրներ:

Անոնց մէջ են 12-15-րդ դարերու պատկերազարդ Աւետարանը, որ պատկանած է Կիլիկիոյ հայ թագաւորներուն, 17-րդ դարու ձեռագիր Աւետարան մը Պոլիսէն:

Թանգարանի թարգմանութիւններու բաժինը կը պատմէ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հայկական այբուբենի ստեղծման պատմութիւնը

(Քաղուած Եռագոյնէն)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2018, 08:48