Ցոյցեր Ցոյցեր 

Հանրապետական Կուսակցութիւնը պիտի քուէարկէ Նիկոլ Փաշինեանի օգտին։

«Մենք կը պաշտպանենք մէկ երրորդի կողմից առաջադրուած թեկնածուին», յայտարարեց Բաղտասարեան:

ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, 2 Մայիսին, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղտասարեան յայտարարեց, որ ՀՀԿն յաջորդ Երեքշաբթի՝ 8 Մայիսին, վարչապետ ընտրելու օրակարգով Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին սեփական թեկնածու պիտի չառաջադրէ եւ կողմ պիտի քուէարկէ Ազգային ժողովին կողմէ առաջադրուած թեկնածուին:

«Մենք կը պաշտպանենք մէկ երրորդի կողմից առաջադրուած թեկնածուին», յայտարարեց Բաղտասարեան:

«Ով որ կ՛առաջադրուի մէկ երրորդի կողմից, մենք օժանդակելու ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Մայիսի 8ին ունենայ վարչապետ: Հանրապետականը վարչապետի թեկնածու չի առաջադրելու», ըսաւ Բաղտասարեան:

ՀՀԿի ներկայացուցիչը նշեց, որ իր կուսակցութիւնը դրական կը գնահատէ այն փաստը, որ Ազգային ժողովի քննարկումներուն խորհրդարանական չորս խմբակցութիւններուն կողմէ հնչեցին գոյութիւն ունեցող գրեթէ բոլոր մտահոգութիւնները, որոնք կան՝ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծելու տեսանկիւնէն: Ան աւելցուց. «Հանրապետականի կողմից հնչեցուած մտահոգութիւնների մի մասը վարչապետի թեկնածուի հետ հարցուպատասխանի ընթացքում փարատուեց, բայց ամենակարեւորները դեռ մնացել են անպատասխան: Այդ հարցերն անկիւնաքարային են ոչ թէ Հանրապետական կուսակցութեան, այլ մեր երկրի հէնց վաղուայ համար»:

Վահրամ Բաղդասարեան այնուհետեւ ներկայացուց ՀՀԿի դիրքորոշումը.

«1. Հայաստանի Հանրապետութիւնը Մայիսի 8ին ունենալու է սահմանադրական ճանապարհով ընտրուած վարչապետ.

2.    Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը վարչապետի թեկնածու չի առաջադրելու.

3.    Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը խորհրդարանի մէկ երրորդի կողմից առաջադրուած թեկնածուին աջակցելու է դառնալ վարչապետ.

4.    Կոչ ենք անում անյապաղ վերացնել տիրող անընդունելի վիճակը, բացել մայրաքաղաքի ու հանրապետութեան փողոցներն ու մայրուղիները, շտապ դադարեցնել օդանաւակայանի հերթական շրջափակումը, դադարեցնել անհանդուրժողականութեան քարոզը եւ վերադառնալ սահմանադրական ճանապարհով ենթադրուող անհրաժեշտ գործողութիւնների դաշտ»:

Նշենք, որ Ազգային ժողովի երկրորդ մեծագոյն խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան, Չորեքշաբթի օր «Մարիոթ» հիւրանոցին մէջ ժողովրդային շարժման ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպում ունեցած էր եւ դուրս գալով հանդիպումէն յայտարարած, որ իր խմբակցութիւնը պիտի քուէարկէ Նիկոլ Փաշինեանի թեկնախութեան օգտին: Այսպիսով, փաստօրէն, Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրութիւնը երաշխաւորուած կ՛ըլլայ յառաջիկայ Երեքշաբթի օր տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին:

(Քաղուած Ասպարէզէն)

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2018, 09:55