Որոնել

ՀՀ նախագահը ՀՀ նախագահը 

«Մենք կ’ապրինք երրորդ հանրապետութեան մէջ, որ ստեղծուած է 100 տարի առաջ». ՀՀ Նախագահ

ՀՀ Նախագահի 2017 Թուականի մրցանակները՝«Ռոպերթ Պօղոսեան եւ Որդիներ» Հիմնադրամի Կողմէն։

ՀՀ Նախագահի նստավայրին մէջ 24 մայիսին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի 2017 թուականի մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Տարբեր բնագաւառներէն ներս ներդրած նշանակալի աւանդի համար շնորհուած մրցանակները յանձնած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ու «Ռոպերթ Պօղոսեան եւ որդիներ» հիմնադրամի ներկայացուցիչ, սփիւռքահայ բարերար Ալպերթ Պօղոսեանը: Մրցանակակիրներու շարքին է աշխարհահռչակ երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան նախ շնորհաւորած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակը: Անոր խօսքով՝ առաջին հանրապետութեան շնորհիւ վերականգնուեցաւ մեր կորսուած եւ հարիւրաւոր տարիներով սպասուած պետականութիւնը, միաժամանակ, ան հիմք հանդիսացաւ Հայաստանի յաջորդ հանրապետութեան համար: Եթէ չ’ըլլար առաջին հանրապետութիւնը, շատ դժուար պիտի ըլլար Խորհրդային Հայաստանի ստեղծումը: Մեծ յաջողութիւններ արձանագրելով տնտեսութեան, գիտութեան, մշակոյթի, կրթութեան ոլորտներէն ներս՝ Հայաստանի երկրորդ հանրապետութիւնը իր հերթին դարձաւ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան հիմքը: «Մենք կ’ապրինք երրորդ հանրապետութեան մէջ, որ իրականութեան մէջ ստեղծուած է 100 տարի առաջ»,- ըսած է նախագահը:

Արմէն Սարգսեանը ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է գաղափարներու երեք ընդհանրացուած խումբի վրայ, որոնք իւրովի կը բնորոշեն օրուան խորհուրդը:

Առաջին պայմանական խումբը նախագահը անուանած է «Մեր տունը», անոր մէջ ներառելով հայրենիքը, մեր տուն հայրենին, մեր մեծ հայրենիքը, զոր կորսնցուցած ենք: «Մեր տուն» ըսելով` ես կը հասկնամ մեր ժողովրդը, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները, Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիները եւ հայ ժողովրդը ի սփիւռս աշխարհի,-ըսաւ Նախագահը,-«Մեր տուն» ըսելով կը հասկնամ մեր ողջ հարստութիւնը, ներառեալ՝ բնական ռեսուրսները, թէ անոնք ինչպէս կ’օգտագործուին: Ես կը հասկնամ մեր հոգեւոր արժէքները, մեր եկեղեցին, մեր քաղաքացին, ՀՀ Սահմանադրութիւնը, կառավարութիւնը, Ազգային ժողովը եւ բոլոր այն անձինք, որոնք իրենց ներդրումը կը բերեն պետականութեան կառուցման»:

Գաղափարներու երկրորդ խումբը Հանրապետութեան Նախագահը պայմանականօրէն կոչած է «Մեր անվտանգութիւնը», որ սահմանին կանգնած մեր զինուորն է, այն զօրավարը, որ պիտի առաջնորդէ այդ զինուորը: «Մեր անվտանգութիւնը» նախ եւ առաջ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնն է եւ Արցախի հարցի արդար լուծումը: «Մեր անվտանգութիւնը» պետական ծառայութեան այն բոլոր մարմիններն են, որոնք ըստ Սահմանադրութեան պէտք է ապահովեն մեր բնականոն կեանքը: Անվտանգութեան գաղափարի մէջ Արմէն Սարգսեանը կարեւորած է այն տնտեսութիւնը, որ պիտի ապահովէ երկրի ապագան եւ զարգացումը: Այն բոլոր գաղափարները եւ գործիքները, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային անվտանգութեան եւ միջազգային կեցութեանն ազգերու միասնական ընտանիքի մէջ, նոյնպէս ներառուած են «Մեր անվտանգութիւնը» գաղափարի մէջ:

Պայմանական երրորդ խումբը, երկրի ղեկավարի խօսքով, «Մեր անցեալը, այսօրը եւ ապագան» անուանումն ունի:«Այս խումբը մեր մշակոյթն է, գիտութիւնը եւ կրթութիւնը,-նշած է Նախագահը,-Մենք հարիւրաւոր տարիներ պետութիւն չենք ունեցած, բայց կցած ենք գոյատեւել, որովհետեւ եղած ենք հայ ոչ միայն ծագումով, այլ նաեւ ոգիով, որովհետեւ հաւատացած ենք Աստուծոյ, որովհետեւ հաւատացած ենք, որ ունինք երկիր եւ մեր տունը, որովհետեւ հաւատացած ենք, որ ան մերն է, եւ օր մը պիտի վերադառնանք այդ տունը: Որովհետեւ հաւատացած ենք, որ մեր անվտանգութիւնը կարեւոր է, եւ եթէ մենք զայն չապահովենք, ապա կ’ունենանք երկրորդ եղեռն»: Նախագահը մեր պետութեան, երկրի, հաւատքի, երազանքի կողքին կարեւորած է լաւ կրթութիւնը եւ մշակոյթը, որ կը կազմէ մեր ինքնութեան մեծ մասը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Պօղոսեան ընտանիքին եւ անձամբ պարոն Ալպերթ Պօղոսեանին, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ մրցութային յանձնաժողովներու անդամներուն՝ Նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորած է մրցանակակիրներն ու յաջողութիւն մաղթած անոնց:

Քաղուած «Եռագոյնվ-էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2018, 08:24