Նիկոլ Փաշինեան Նիկոլ Փաշինեան 

Ազգային Ժողովը դէմ քուէարկեց վարչապետի թեկնածութեան։

Նիկոլ Փաշինեանին դէմ քուէարկեց ՀՀԿ խմբակցութիւնը, կողմ՝ ՀՅԴ-ն եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւնները:

Իրաւունքի ուժով գումարուած Ազգային ժողովի յատուկ նիստին Ազգային ժողովը դէմ քուէարկեց Նիկոլ Փաշինեանին՝ որպէս վարչապետի թեկնածու՝ 45 կողմ, 56 դէմ քուէարկութեամբ:
Նիկոլ Փաշինեանին դէմ քուէարկեց ՀՀԿ խմբակցութիւնը, կողմ՝ ՀՅԴ-ն եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւնները:

Նիկոլ Փաշինեան Ընդհանուր Գործադուլի Կոչ Կ՛ուղղէ

Ժողովրդային շարժման ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի քուէարկութենէն ետք Հանրապետութեան հրապարակին վրայ զինք սպասող բազմահազար զօրակցողներուն միանալով՝ յայտարարեց, որ ի վերջոյ ժողովրդական յեղափոխութիւնը իր յաղթական աւարտին պիտի հասնի:

Փաշինեան ընդհանուր գործադուլի ու դասադուլի կոչ ուղղեց: Ան նաեւ յայտարարեց, որ Չորեքշաբթի օրուընէ սկսեալ ժողովուրդը պիտի շրջափակէ պետական շէնքերը՝ անդամալուծելով կառավարութեան գործունէութիւնը: Փաշինեան նաեւ յայտարարեց, որ ցուցարարները պիտի փակեն օդակայանը:

(Քաղուած Ասպարէզ-էն)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2018, 20:43