Թեզէ հասարակաութիւն Թեզէ հասարակաութիւն  

Երիտասարդական հանդիպումներ Ուկրանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ։

28 Ապրիլէն մինչեւ Մայիս մէկ, Ուկրանիոյ Լվով քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Թեզէ հասարակութեան երիտասարդաց հաւաքը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

28 Ապրիլէն մինչեւ Մայիս մէկ, Ուկրանիոյ Լվով քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ՝ Թեզէ համամիութենական  հասարակութեան կողմէ կազմակերպուած  երիտասարդաց  հաւաք  որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 2.800 պատանիներ։ Սոյն ձեռնարկը նախապատրաստական հաւաքն է  28 դեկտեմբեր 2018-էն  մէկ Յունուար 2019-ին Մատրիտի մէջ կայանալիք Եւրոպայի երիտասարդներուտարեկան հանդիպումին։

Իսկ Լեհաստան Քրաքով քաղաքին մէջ, 28 ապրիլէն մինչեւ 3 Մայիս  տեղի կ՛ունենայ Սալեզեան Միաբանութեան Միջազգային Խաղերու  29-րդ հանդիպումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն, Ափրիկէէն ու Հարաւային Ամերիկայէն Սալեզեաններու դպրոցներն ու ակումբները յաճախող եւ Քրաքով ժամանած 60 մարզական խումբեր, միասնաբար ապրելու մարզանքը որպէս տօնախմբութիւն ու հանդիպումի առիթ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2018, 13:14