Որոնել

Պատմական վեհաժողով` Հարաւային Քորէայի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարներուն միջեւ Պատմական վեհաժողով` Հարաւային Քորէայի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարներուն միջեւ 

Պատմական վեհաժողով` Հարաւային Քորէայի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարներուն միջեւ։

Քիմ Եոնկ Ըն՝ վեհաժողովի վայր հանդիսացող «Peace House»ի պատուոյ հիւրերու ոսկեմատեանի վրայ գրեց հետեւեալը.«Այսօր սկիզբ կ՛առնէ նոր պատմութիւն մը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Ճէյ այսօր շփման գիծին վրայ հանդիպում ունեցաւ հիւսիսային քորէացի իր պաշտօնակից Քիմ Եոնկ Ընի հետ:  Պատմական հանդիպումը տեւեց երկու ժամ։

Քիմ Եոնկ Ըն՝  վեհաժողովի վայր հանդիսացող «Peace House»ի  պատուոյ հիւրերու ոսկեմատեանի վրայ գրեց հետեւեալը.«Այսօր սկիզբ կ՛առնէ նոր պատմութիւն մը»։ Վեհաժողովի աւարտին ստորագրուեցաւ  փաստաթուղթ մը։

Նշենք թէ անցեալ չորեքշաբթի օր՝ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղած էր ի նպաստ գագաթնաժողովի յաջողութեան, ապահովելով իր ու համայն եկեղեցւոյ աղօթքները։

«Սուրբ Աթոռը կ՝ընկերանայ , կ՝աջակցի եւ կը քաջալերէ ամէն շահաւէտ եւ հարազատ միջոցառում՝ կառուցելու համար լաւագոյն ապագայ մը ՝ ժողովուրդներու  միջեւ բարեկամութեան եւ հանդիպումի ի սպաս» ըսած էր  Քահանայապետը Քորէայի քաղաքական պատասխանատուներէն խնդրելով որ  ունենան  «յոյսի քաջութիւնը»   դառնալով խաղութեան արհեստաւորներ:

Կոչին աւարտին Ֆրանչիսկոս  Պապ  հրաւէր ուղղած էր աղօթքի ըսելով. «Ինչպէս Աստուած Հայր է  բոլորին եւ Հայր խաղաղութեան. Ձեզ կը հրաւիրեմ աղօթելու մեր Հօր՝  Աստուծոյ, բոլորին Հայրը, Քորէայի ժողովուրդին համար, ըլլայ հարաւային,  ըլլայ  հիւսիսային քորէաներու ժողովուրդներուն համար»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2018, 13:03