ROACO»-ի ժողովին պիտի քննարկուի նաեւ Հայաստանի իրավիճակը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Արեւելեան Եկեղեցիներուն վերատեսչութիւնը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, որ երկուշաբթի, 23 յունիսէն մինչեւ հինգշաբթի, յունիս 26, կը գումարուի «ROACO»ի, (Արեւելեան եկեղեցիներուն օգնութեան աշխատանքներուն ժողովը) 98-րդ լիագումար նիստը, Քրիստոնեաներու միութեան խթանումի վերատեսչութեան դահլիճին մէջ։
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Երեքշաբթի, 24 յունիսին, առաւօտեան ժամը 8,30ին, Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթին կը գլխաւորէ ժողովի բացման արարողութեան Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին պիտի յիշուին կենդանի եւ մահացած բարերարները եւ աղօթք պիտի բարձրացուի խաղաղութեան համար, Տիրոջ եւ Աստուածամօր բարեխօսութեան վստահելով պատերազմի հետեւանքով տառապող երկիները։
Ժողովին կեդրոնացումի նիւթ պիտի ըլլայ Սուրբ Երկրի իրավիճակը, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Կազայի ներկայ կացութեան։ Այս նիւթերով ելոյթ պիտի ունենան Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա, Երուսաղեմի Առաքելական պատուիրակ, գերպայծառ Ատոլֆօ Թիթօ Ելլանա, Սուրբ երկրի Պահակ եւ Սիոն լերան Պաշտպան, Հայր Ֆրանչէսքօ Փաթոն, Բեթղեհէմի համալսարանի փոխ տեսուչ, Եղբայր Հէրնան Սանթոս։ Պիտի ներակայացուի նաեւ 2024 թուականին Սուրբ երկրի «Pro Terra Sancta» դրամահաւաքին վերաբերեալ տեղեկատուութիւն։
Յետմիջօրէին, ժողովի նիւթ պիտի ըլլայ Հայաստանի իրավիճակը ու այս նիւթին շուրջ ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի մէջ Առաքելական Նուիրակ, Գերապայծառ Անթէ Ռոզիչ եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ հայ կաթողիկէներու առաջնորդ, Հայր Գէորգ Արք Նորատունկեանը։
Չորեքշաբթի, 25 յունիսին, առաւօտուն, ժողովին ընթացքին պիտի քննարկուի Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը ու այս նիւթին շուրջ պիստի զրուցէ Հալէպի Առաքելական փոխանորդ գերապայծառ Հաննա Ժալլուֆ եւ Մարոնիթներուն արքեպիսկոպոս, գերապայծառ Ժոզէֆ Թոպժի։ Ապա Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն յարաբերութիւններու քարտուղար, գերպ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր պիտի զրուցէ տարբեր ճակատներուն վրայ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական գործողութիւններուն մասին, յատուկէն անդրադառնալով, Արեւելքի քրիստոնեաներու ներկայութեան վերաբերող իրավիճակներուն, յատկապէս այն տարածաշրջաններուն մէջ, որոնք առաւելապէս տուժած են հակամարտութիւններէն եւ կրօնական ազատութեան ոլորտէն ներս սահմանափակումներէն, որմէ ետք Ատիս Ապեպայի օգնական եպիսկոպոս, Գերապայծառ Թէսֆայէ Թատէսսէ Կէպրէսիալսի ելոյթ պիտի ունենայ Եւթոպիայի ներկայ իրավիճակի մասին։
ROACO»-ի 98-րդ լիագումար նիստը կ՝աւարտի Հինգշաբթի, 26 յունիսին, ժողովին մասնակիցներուն Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ հանդիպումով։
Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ բանախօսներէն անդին, լիագումար նիստին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ROACO-ի մաս կազմող կաթողիկէ կազմակերպութիւնները, Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան ղեկավարներն ու մեծաւորները, Պետական Քարտուղարութեան, Աւետարանումի Քարտուղարութեան, Քրիստոնեաներուն միութեան խթանման, Մարդկային համապարփակ զարգացման համար վերատեսչութեան ներկայացուցիչներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ